Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հակազդած է Հայաստանի վարչապետին Եւրոպական խորհրդարանին մէջ ունեցած ելոյթին՝ նշելով, որ Փաշինեանի յայտարարութիւնները «ցոյց կու տան Հայաստանի յարձակողական կեցուածքը եւ Ազերպայճանը մեղադրելու փափաքը»։
«Ցաւալի է նման յայտարարութիւններ լսել Հայաստանէն, որ ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ ժողովրդավարական եւ խաղաղասէր երկիր մը։ Ազերպայճանի հասցէին Հայաստանի մեղադրանքները անհիմն են եւ կը հակասեն ՄԱԿ-ի զեկոյցներուն։ Բացի ատկէ Փաշինեան նախապէս խոստովանած է, որ Ղարաբաղի Հայերուն ուղղուած սպառնալիք չկայ, ինչ որ կը հակասէ անոր ներկայի յայտարարութիւններուն»,– նշուած է Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։
Անդրադառնալով Բերձորի միջանցքին՝ Պաքու նշած է, թէ «Ազերպայճան ինքնիշխանութիւն ունի իր տարածքին գտնուող բոլոր ճամբաներու նկատմամբ, իսկ Լաչինի ճանապարհի չարաշահման վերաբերեալ Հայաստանի պնդումները կը հակասեն վարչապետին ստորագրած եռակողմ համաձայնագրին»։
Ինչ կը վերաբերի երթեւեկութեան ուղիներու ապաշրջափակման հարցին, ըստ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան, «Հայաստան ինքզինք մեկուսացուցած է տարածաշրջանային նախագիծերէն։ Հայաստան պարտաւոր է կառուցելու Ազերպայճանի արեւմտեան շրջանները Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան հետ կապող նոր երթեւեկութեան ճամբաներ, սակայն Երեւան չ՚ըներ այդ»։
Պաքու նաեւ յայտարարած է, որ «Ղարաբաղի շրջանին մէջ առկայ սպառնալիքի վերացումէն ետք, երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման պատմական առիթ ստեղծուած է, մինչդեռ Հայաստանի վարչապետին շարունակական յարձակողական հռետորաբանութիւնը կը խաթարէ խաղաղութեան պայմանագրի հեռանկարները»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։