Search
Close this search box.

Պաքու քննադատած է Գանատայի Արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնները

Պաքու մեղադրած է Գանատայի Արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլին՝ Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող հոլովոյթներու վերաբերեալ «կողմնակալ կեցուածք ցուցաբերել»-ով և անոր կոչ յղած է հրաժարելու «գրգռիչ յայտարարութիւններէ»։

Հակադարձելով՝ Ազերպայճանի դէմ պատիժներ կիրարկելու վերաբերեալ նախարարուհիին խօսքերուն, Պաքու խորհուրդ տուած է ձեռնպահ մնալու «սպառնալիքներու լեզուով խօսելէ»։

Ազերպայճան Հայաստանն ալ մեղադրած է, ըսելով թէ «խաղաղութեան գործընթացը կանգ առած է Երեւանի կեցուածքին պատճառով»։