Search
Close this search box.

Պաքու քննադատած է վարչապետ Փաշինեանը

 

Ազերպայճանի Արտաքին գերատեսչութիւնը քննադատած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, պնդելով, որ France 24-ին տուած հարցազրոյցին Հայաստանի ղեկավարը անհիմն մեղադրանքներ հնչեցուցած է Ազերպայճանի հասցէին։ Անոնք, ըստ Պաքուի, միտումնաւոր կը լարեն տարածաշրջանի կացութիւնը եւ նպատակ ունին կրկին անգամ խաթարելու խաղաղ գործընթացը։

«Գերմանիոյ վարչապետին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած վերջին հանդիպումէն ետք Փաշինեանի յայտարարութիւնները եւ զանոնք հնչեցնելու վայրը Ֆրանսան ընտրելը, Հայաստանի կողմէ Գերմանիոյ ջանքերու նկատմամբ անարգանք է եւ կը վկայէ խաղաղ գործընթացին վրայ Ֆրանսայի շարունակուող բացասական ազդեցութեան մասին»,– նշուած է Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։

Ինչ կը վերաբերի վարչապետին այն յայտարարութեան, թէ Ազերպայճան կը պատրաստուի յարձակիլ Հայաստանի վրայ եւ չի պահպաներ միջազգային իրաւունքի սկզբունքները, ըստ Պաքուի՝ նման յայտարարութիւններ առկայ փաստերու ակնյայտ խեղաթիւրում են եւ նպատակ ունին մոլորեցնելու միջազգային հանրութիւնը։