Պաքուի մէջ շղթայուած, քաղաքական բանտարկեալ Ռուբէն Վարդանեանի գրասենեակը Յունիս 13-ին, հրատապ դիմում ներկայացուցած է ՄԱԿ-ի Խոշտանգումներու դէմ յանձնախումբի յատուկ զեկուցողին՝ յորդորելով դատապարտել Ազերպայճանի կառավարութեան կողմէ Վարդանեանի դէմ գործադրուող խոշտանգումներն ու դաժան վերաբերումը։
«Չափազանց մտահոգիչ է, որ Ռուբէն Վարդանեանի ընտանիքը եւ միջազգային փաստաբանը տեղեկացուցած են, թէ 2024 Ապրիլին յայտարարուած հացադուլի ժամանակ Վարդանեանը փոխադրած են պատժախուց, ուր 24 ժամ լոյսը վառ պահած են, հիւծելով ու անքնութեան մատնելով զայն։ Բացի ատկէ, զայն ստիպած են երկար ժամանակ ոտքի մնալու եւ աւելի քան երկու օր զրկած են խմելու ջուրէն։ Աւելի՛ն, անոր թոյլ չեն տուած լոգնալ եւ փոխել հագուստը, չեն յատկացուցած զուգարանի թուղթ, արգիլած են գիրք կամ որեւէ նիւթ կարդալ, զրկած են անկողինի սպիտակեղէնէ: Յատկապէս մտահոգիչ է այն փաստը, որ ո՛չ Վարդանեանի փաստաբանին, ո՛չ տեղւոյն մարդկային իրաւանց պաշտպանին թոյլ տուած են հացադուլի ժամանակ այցելել անոր, իսկ շփումը արտաքին աշխարհի հետ (օրինակ՝ ընտանիքի հետ հեռաձայնային կապը) դադրեցուած է։ Տեղեկութիւն չկայ, թէ որքան ազդու եղած են այդ ամէնուն հետեւանքով անոր հասցուած հոգեբանական եւ ֆիզիքական վնասները։
Ցաւօք, Ռուբէն Վարդանեանի նկատմամբ դաժան վերաբերումը բնաւ զարմանալի չէ. Ազերպայճան յայտնի է եւ փաստագրուած պատմութիւն ունի թէ՛ քաղաքական բանտարկեալները ընդհանրապէս, թէ՛ մասնաւորապէս հայ բանտարկեալները խոշտանգելու առումով: Առ այդ Վարդանեան կը գտնուի հետագայ խոշտանգումներու եւ դաժան վերաբերումի վերահաս վտանգի առջեւ:
Ռուբէն Վարդանեան յայտնի մարդասէր ու բարերար է եւ երկար տարիներ շարունակ պաշտպանած է Արցախի ժողովուրդի իրաւունքները: Յատկանշական է, որ Ազերպայճան զայն կը դիտէ իբրեւ սպառնալիք, փորձելով զինք լռեցնել կամայական բանտարկութեան, իսկ վերջին շրջանին ալ՝ խոշտանգումներու եւ դաժան վերաբերումի միջոցներով: Եթէ Պաքու կ՚ուզէ, որ զինք լուրջի առնեն միջազգային հարթակին վրայ եւ COP29-ը դառնայ «Խաղաղութեան COP», ապա պէտք է դադրեցնէ Վարդանեանի նկատմամբ դաժան վերաբերումը եւ անյապաղ ազատ արձակէ զինք եւ Արցախի միւս քաղաքական բանտարկեալները»,– նշած է Վարդանեան ընտանիքի միջազգային իրաւախորհրդատու Ճարըտ Ճենզըր:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։