Ազերպայճանի մէջ ԱՄՆ-ու դեսպան Մարք Լիպպի յայտարարած է, թէ «մեր ազերպայճանցի գործընկերները ինծի հաղորդեցին, որ քանի մը շաբաթ առաջ ռուսական զօրքերու մեկնումը կը նշանակէ, թէ 2024-ին՝ Խորհ. Միութեան փլուզումէն ետք առաջին անգամ ազերպայճանական հողին վրայ օտար երկիրներու զօրքեր պիտի չըլլան այլեւս։ Զուգահեռաբար, Ազերպայճան եւ Հայաստան սկսած են սահմանի զատման գործընթացը, համաձայնած են փոխանակել իրենց քով պահուող անձերը եւ բացայայտօրէն հասկցուցին, թէ աւելի քան երբեք մօտ են խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրութեան»։
“Միացեալ Նահանգներ համոզուած է, թէ այդ կարեւոր քայլերը պատմական կարելիութիւններու պատուհան մը բացած են: Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրը աննախադէպ կայունութիւն կը ստեղծէ եւ դուռ կը բանայ առեւտուրի եւ գործնական համագործակցութեան ընդլայնման համար, որ օգուտ կը բերէ Ազերպայճանին ու ամբողջ տարածաշրջանին: ԱՄՆ երկու կողմերը կը խրախուսէ օգտուելու ընձեռուած հնարաւորութենէն”,– աւելցուցած է ամերիկացի դեսպանը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։