Պաքուի մէջ ապօրինաբար բանտարկուած Ռուբէն Վարդանեան հետեւեալ ուղերձը յղած է՝ իր ընտանիքին հետ հեռաձայնային կապի ընթացքին, զոր Վարդանեանի գրասենեակը հրապարակած է Յունուար 16-ին։
«Կը փափաքիմ դիմել միջազգային հանրութեան, այն մարդոց, որոնք անտարբեր չեն այն ամէնուն հանդէպ, ինչ որ կը կատարուի մեր տարածաշրջանին մէջ եւ երկարատեւ ու իրական խաղաղութիւն կ’ուզեն:
Ես՝ Ռուբէն Վարդանեանս, 2023 Սեպտեմբեր 27-էն արդէն աւելի քան 470 օր է կը գտնուիմ Ազերպայճանի Հանրապետութեան պետական անվտանգութեան ծառայութեան մեկուսարանին մէջ: Այդ օրերէն 340-ը ես անցուցած եմ մենախուցի մէջ, 23-ը՝ պատժախուցի մէջ: Դատավարութենէն առաջ կը փափաքիմ հետեւեալ յայտարարութիւնը հաղորդել: Եթէ դուք կը կարդաք սա, կը նշանակէ թէ ես սպառած եմ հոս կատարուողին մասին ճշմարտութիւնը ձեզի հասցնելու բոլոր այլ միջոցները:
Յունուար 17, ժամը 15-ին նշանակուած է իմ գործով դատական նիստը: Ինծի ըսուած է, որ անձիս դէմ յարուցուած է 42 մեղադրանք, որոնցմէ մի քանին կը նախատեսեն մինչեւ ցկեանս բանտարկութիւն:
Բայց մինչեւ հիմա ինծի առիթ չէ տրուած ծանօթանալու պաշտօնական մեղադրական եզրակացութեան: Ինծի եւ իմ փաստաբանիս պարզապէս թոյլատրուած է թերթատել 422 հատորնոց քրէական գործը ազերպայճաներէնով, որուն ես չեմ տիրապետեր, եւ անոր համար յատկացուած է բաւական կարճ ժամանակաշրջան՝ 2024 Դեկտեմբեր 9-էն մինչեւ 2025 Յունուար 8:
Յօդուածներու ցանկը, որոնցմով ինծի մեղադրանքներ առաջադրուած են, ռուսերէնով ես ստացած եմ միայն 2025 Յունուար 8-ին:
Միեւնոյն ատեն ճնշում բանեցուած է իմ, իմ փաստաբանիս եւ թարգմանիչիս վրայ, որ ստիպեն մեզ ստորագրելու փաստաթուղթեր յետին թուականով, այդ կարգին՝ չկայացած հարցաքննութիւններու կեղծ արձանագրութիւններ:
Պաշտօնապէս կը յայտարարեմ հետեւեալը. իմ ձերբակալման առաջին օրէն ի վեր ես ոչ մէկ ցուցմունք տուած եմ, բացառութեամբ առաջին հարցաքննութեան, որուն ընթացքին պարզապէս ըսած եմ իմ անուն-մականունս: Կ’ընդգծեմ անգամ մը եւս. իմ ստորագրութեամբ բոլոր արձանագրութիւնները կեղծ են: Այդ փաստաթուղթերը իրականութեան մէջ գոյութիւն չունին: Իմ փաստաբանն ու թարգմանիչը ստիպած են իրենց ստորագրութիւնները դնելու այդ փաստաթուղթերուն տակ:
Ես դարձեալ կը յայտարարեմ ու կը պնդեմ իմ բացարձակ անմեղութեանս, իմ հայրենակիցներուս անմեղութեան մասին եւ կը պահանջեմ անյապաղ դադրեցնել մեր նկատմամբ այս քաղաքականացուած գործը:
Չնայած մեր անմեղութեան եւ գործի քաղաքական դրդապատճառներուն՝ շատ հաւանական է, որ մեղադրողները պիտի անտեսեն իմ յայտարարութիւնը եւ պիտի սկսին դատավարութիւնը: Այս պարագային ես կը խնդրեմ եւ կը պահանջեմ ձեզմէ աջակցիլ իմ հետեւեալ պահանջներուս.
Ես, ո՛չ չարութիւն, ո՛չ ալ ատելութիւն կը զգամ: Ընդհակառակն, ես անկեղծօրէն կը կարեկցիմ բոլոր անոնց, որոնք օրէնք, բարոյական սկզբունքներ ու Քուրանի պատուիրանները կը խախտեն:
Ես վստահ եմ, որ իրական խաղաղութիւնը կարելի պիտի ըլլայ մի՛այն այն ատեն, երբ հակամարտութեան մէջ ներգրաւուած երկիրներու առաջնորդները, իրենց հասարակութիւններու հաւանութեամբ, պիտի կարողանան միասին ծաղիկներ զետեղել այս պատերազմի բոլոր զոհերու շիրիմներուն վրայ:
Ես կը խոստանամ ընել կարելի ամէն բան, որ այդ իրականանայ իմ ողջութեանս: Ինչպէս ըսած է մեծն Մահաթմա Կանտի, աշխարհը ինքնաոչնչացումէ փրկելու միակ ճամբան առանց բռնութեան, ճշմարտութեան եւ սիրոյ սկզբունքներով ապրիլն է: Մենք կրնանք հասնիլ իրական խաղաղութեան բոլոր մարդոց նկատմամբ կարեկցանքի միջոցով՝ անկախ անոնց մորթի գոյնէն, ազգութենէն կամ դաւանանքէն:
Շնորհակալ եմ բոլորին աջակցութեան համար: Բոլորը կը սիրեմ եւ երախտապարտ եմ՝ իմ նկատմամբ բարի վերաբերումին համար:
Գիտցէք, որ ես ամուր եմ, կը դիմանամ եւ կը հաւատամ, որ ճշմարտութիւնը պիտի յաղթէ»:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։