Պաքուի մէջ ականներու մասին վերջերս ստացուած տեղեկութիւնները հաղորդելու Հայաստանի մարդասիրական քայլը ընկալուած է սպառնալիքներու եւ մեղադրանքներու նոր առիթ մը։
Նշենք, թէ Յունուար 25-ին Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) յայտարարած էր՝ ազերպայճանական կողմին ականապատ տարածքներու վերաբերեալ վերջերս յայտնաբերուած տուեալները հաղորդելու մտադրութեան մասին։
Յունուար 25-ի ուշ երեկոյեան Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ իրենք Հայաստանի ԱԱԾ-էն ստացած են ականապատ տարածքներու վերաբերեալ յայտարարութիւնը, միաժամանակ թուարկելով բազմաթիւ սպառնալիքներ ու մեղադրանքներ՝ ըսելով, թէ Հայաստանի կողմէ կշտամբանքներ ստացած է նաեւ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը։
«Հայկական կողմի սոյն յայտարարութիւնը կը վկայէ, որ այդ երկրի մտադրութիւնը չի նպաստեր մարդասիրական գործընթացին, եւ այդ նախաձեռնութիւնը չի կրնար դիտուել իբրեւ վստահութեան մթնոլորտ ստեղծելու քայլ։ Ազերպայճան կ՚ակնկալէ, որ Հայաստան կը տրամադրէ բոլոր ականապատ տարածքներու ճշգրիտ քարտէսները»։
Աւելի՛ն, Ազերպայճանի մէջ սկսած են պահանջել Ազերպայճանցիներու թաղման վայրերու մասին տեղեկութիւններ. «Այս բոլորին հետ միատեղ պէտք է հրատապ միջոցներու ձեռնարկել՝ ապահովելու համար Հայաստանի տեղեկութիւն տրամադրելը վերջին 30 տարիներու ընթացքին անհետացած շուրջ 4.000 Ազերպայճանցիներու ճակատագրին, ինչպէս նաեւ անոնց զանգուածային գերեզմաններու վայրերու մասին»,– ընդգծուած է Պաքուի հաղորդագրութեան մէջ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարարութիւնը հակադարձած է ականապատման նոր քարտէսներու Ազերպայճանի յանձնումին առնչութեամբ այդ երկրի բացասական վերաբերումին։ Այս կապակցութեամբ Գերատեսչութիւնը հետեւեալ գրառումը կատարած է X ընկերային ցանցի իր հաշիւին.
«Ազերպայճան կը շահարկէ ականապատման նոր քարտէսները յանձնելու Հայաստանի նախաձեռնութիւնը, զայն դարձնելով լարումը սաստկացնելու առիթ մը։
Հայաստան իբրեւ վստահութեան ամրապնդման միջոց, Ազերպայճանին յանձնած է իր տրամադրութեան տակ գտնուող ականապատ դաշտերու բոլոր քարտէսները, զորս ստացած էր Լեռնային Ղարաբաղի պաշտօնեաներէն։ Առաջնորդուելով մարդասիրական նկատառումներով՝ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին պաշտօնեաներէն ճշդումներ ընելով Հայաստան նոր քարտէսներ պատրաստած է՝ զանոնք Ազերպայճանին ներկայացնելու նպատակով։
Ցաւօք, այս նախաձեռնութիւնը ազերպայճանական կողմը խիստ բացասական եւ հեգնական ձեւով ընդունած է զերոյի հաւասարեցնելով վստահութեան ամրապնդման ուղղուած Հայաստանի ջանքերը։ Պաքու կը շարունակէ շահարկել այս նիւթը, Երեւանի դրական քայլը վերածելով լարումի սաստկացման եւ բացասական հռետորաբանութեան առիթի մը»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։