Ֆրանքեւազերպայճանական լարուած յարաբերութիւններու ենթախորքին՝ Պաքուի ֆրանսական ուսումնական հիմնարկը կը դադրեցնէ իր գործունէութիւնը։ Լուրը հաղորդած է ազերպայճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը։
Ուսումնական հաստատութեան փակման պաշտօնական պատճառները տակաւին յայտնի չեն։ 300 աշակերտի համար նախատեսուած դպրոցը կը գործէր 2014 թուականէն ի վեր։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։