Search
Close this search box.

ՊԵԼՃԻՔԱ – Հայաստանի անկախութեան տօնին նուիրուած ձեռնարկներ

«Ծիրանի ծառ» երգչախումբին համերգը

Հայաստանի հանրապետութեան անկախութեան 33-ամեակին նուիրուած շարք մը ձեռնարկներ տեղի ունեցած են Պելճիքայի քաղաքներուն մէջ։

Սեպտեմբեր 20-ին, Անվերս քաղաքին մէջ «Նոյ» տիկնանց միութիւնը կազմակերպած է 26 նետերլանտցի երգիչներէ կազմուած «Ծիրանի ծառ» երգչախումբին համերգը, ղեկավարութեամբ Իվօ Պոսվայքի, քանոնահարուհի՝ Ռուզաննա Յակոբեան։ Խումբը հանդիսատեսին ներկայացուցած է «Հայաստանի գոյներ» խորագրեալ յայտագիրը։

Երեկոյթին ելոյթ ունեցած է Հայաստանի դեսպանութեան դիւանագէտ Սերգեյ Մուրադեան՝ նշելով, թէ Սեպտեմբեր 21-ի պատմութիւնը կերտուած է բազում զրկանքներու և  չարչարանքներու գինով, բայց կը շարունակէ մնալ հայ ազգի միասնութեան եւ դիմադրողականութեան խորհրդանիշը:

Անդրադառնալով Արցախի հայաթափման առաջին տարելիցին Հայաստանի դեսպանութեան ներկայացուցիչը յատկապէս ընդգծած է Պաքուի մէջ բանտարկուած 23 հայ գերիներու ազատ արձակման, ինչպէս նաեւ Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն՝ իրենց պատմական հայրենիք ապահով վերադարձի հրամայականը:

 

Խաչքարի բացման արարողութիւն

Սեպտեմբեր 21-ին, Պելճիքայի Ռոսելար քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է հայկական խաչքարի բացման արարողութիւնը։ Հայ և պելճիքացի ժողովուրդներու բարեկամութիւնը խորհդանշող խաչքարը տեղադրուած է Խաչատուրեան ընտանիքի, հայ համայնքին ու Ռոսելարի քաղաքային իշխանութիւններու աջակցութեամբ։

Հայաստանի դեսպան Տիգրան Բալայեանի անունով խօսք առած է դեսպանութեան խորհրդական Վարդան Սարգսեան։ Ան Նշելով, թէ խաչքարի տեղադրումը կ՚ապացուցէ փոխադարձ համակրանքի եւ ընդհանուր արժէքներու վրայ հիմնուած երկու ժողովուրդներու ամուր կապերը, անդրադարձած է նաեւ Արցախի հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան, ներառեալ՝ խաչքարերու ոչնչացման ազերպայճանական քաղաքականութեան, որ հայկական հետքն ու հազարամեայ ներկայութիւնը ջնջելու եւ հայու ստեղծագործ ոգին կոտրելու նպատակ կը հետապնդէ։

Արարողութեան ընթացքին ելոյթ ունեցած են նաեւ Ռոսելարի փոխքաղաքապետ, մշակութային ժառանգութեան հարցերու պատասխանատու Միքէ վան Պրիւսէլ եւ Պելճիքայի Հայոց թեմի հոգեւոր հովիւ Զատիկ վարդապետ Աւետիքեան։

Նոյն օրը Պրիւսէլի «Հայ տուն»-ին մէջ տեղւոյն Պելճիքահայոց յանձնախումբը կազմակերպած է ընդունելութիւն։