Search
Close this search box.

ՊԵԼՃԻՔԱ – Պրիւսէլի Հայերու միութիւնը Ապրիլ 24-ին կազմակերպած է Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը ոգեկոչող ձեռնարկ մը

Ապրիլ 24-ին, Պրիւսէլի Սուրբ Մարիամ Մագդաղենացի եկեղեցւոյ մէջ կատարուած բարեխօսական աղօթքէն ետք, Ixelles-ի Henri Michaux հրապարակին վրայ տեղի ունեցած է Պրիւսէլի Հայերու միութեան կազմակերպած ոգեկոչման արարողութիւնը։ Ներկայ եղած են Հայաստանի դեսպան Տիգրան Բալայեան, ՕԹԱՆ-ի՝ Հայաստանի դիւանագիտական առաքելութեան ներկայացուցիչը, պելճիքացի բարձրաստիճան քաղաքական գործիչներ, պետական եւ հասարակական կառոյցներու ներկայացուցիչներ, դեսպաններ։

Դեսպան Բալայեան իր ելոյթին մասնաւորապէս նշած է. «Չենք մոռնար Մեծ Եղեռնը, բայց միաժամանակ կը նայինք դէպի ապագայ»։

Ոգեկոչման արարողութեան աւարտին տարբեր երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ ծաղկեպսակ զետեղած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին կերտուած խաչքարին առջեւ։