Search
Close this search box.

«Պետութիւնը ձեր կողքին է». ԿԳՄՄ նախարարը ընդունած է Հայաստանի ողիմպիական հաւաքականի մարզիկները

 

Փարիզի մէջ պիտի գործէ «Հայաստանի տուն»-ը

Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի և մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարար Ժաննա Անդրէասեան Յուլիս 19-ին ընդունած է Հայաստանի ողիմպիական հաւաքականի մարզիկները, որոնք Յուլիս 26-էն Օգոստոս 12 Փարիզի մէջ պիտի մասնակցին ամառնային 33-րդ Ողիմպիական խաղերուն:

Նախարարուհին յաջողութիւն մաղթած է մարզիկներուն, նշելով թէ պետութիւնը իրենց կողքին է: «Փորձեցինք բոլոր անհրաժեշտ նախապատրաստական աշխատանքները իրականացնել, որպէսզի Ողիմպիական խաղերուն ձեր մասնակցութիւնը ըլլայ արդիւնաւէտ եւ պատշաճ մակարդակով»,– ըսած է ան։

Տիկին Անդրէասեան մարզիկներուն նուիրած է յատկապէս Փարիզ-2024-ի համար պատրաստուած կրծքանշաններ՝ հայկական ծիրանի տեսքով, որոնք, նախարարին բնորոշումով, կարելի է համարել Ողիմպիական խաղերու՝ հայկական մասնակցութեան կրծքանշանը: Ան նաեւ տեղեկացուցած է, թէ խաղերու ընթացքին Փարիզի մէջ պիտի գործէ «Հայաստանի տուն»-ը, ուր պիտի կազմակերպուին զանազան միջոցառումներ, երկրպագուներու հետ հանդիպումներ. «Ան պիտի ըլլայ փոքրիկ Հայաստան՝ Փարիզի մէջ»,– յայտնած է նախարարուհին։

«Հայաստանի Տան» պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 25-ին, Փարիզի ՀԲԸՄ-ի կեդրոնին մէջ։

ԿԳՄՄ-ի փոխնախարար Կարէն Գիլոյեան իր կարգին տեղեկացուցած է, թէ սոյն խաղերուն ոսկէ մետալ շահողները Հայաստանի պետութեան կողմէ 25 միլիոն դրամ պիտի ստանան։ “Պետութեան կը միանան նաեւ Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէն (ՀԱՕԿ) եւ Fastex ընկերութիւնը, որոնք նոյնչափ պարգեւատրումներ կը նախատեսեն ոսկէ մետալակիրներուն”,– նշած է ան։