Search
Close this search box.

ՊՈԼԻՍ – Հատտէճեան եւ Սարըասլան պարգեւատրուած են

«Մարմարա» օրաթերթի Փետրուար 6-ի թիւէն կը տեղեկանանք, թէ Հա­­յաստա­­­նի Գրող­­նե­­­րու միու­­թիւնը եւ Ամե­­րիկա­­հայ գրող­­նե­­­րու եւ լրագ­­րողնե­­րու միու­­թիւնը միասնաբար «Դրուատան­­քի մա­­գաղաթ» շքանշանը շնորհած են պոլ­­սա­­­հայ անո­­ւանի հրա­­պարա­­կախօս 98-ամեայ Ռո­­պէր Հատ­­տէ­­­ճեանին։ 

Զոյգ միութիւններու անունով պար­­գե­­­ւը «Մար­­մա­­­րա»-ի խմբագ­­րութեան յանձնո­­ւած է տի­­կին Լու­­սան Պը­­չաք­­ճըի ձե­­ռամբ։

Վերոնշեալ միութիւնները նոյն բնոյ­­թի պար­­գեւ մըն ալ ու­­ղարկած են պոլ­­սա­­­հայ ժա­­մանա­­կակից գրա­­կանու­­թեան մէկ այլ վաս­­տա­­­կաւոր մշա­­կի՝ բա­­նաս­­տեղծ Իգ­­նա Սա­­րըաս­­լա­­­նին, դար­­ձեալ նկա­­տի ու­­նե­­­նալով անոր բե­­ղուն գրի­­չը եւ հայ գրա­­կանու­­թեան բե­­րած նպաս­­տը։