Search
Close this search box.

ՊՈԼԻՍ – «Հրանդ Տինք» 16-րդ մրցանակաբաշխութիւնը՝ Սեպտեմբեր 15-ին

 

Հրանդ Տինքի ծննդեան օրը՝ Սեպտեմբեր 15-ին, տեղի կ՚ունենայ իր անունով նշուող 16-րդ մրցանակաբաշխութիւնը, այս անգամ «Ճե­­մալ Ռեշիտ Ռեյ» համերգասրահին մէջ։

Յայտագիրը կը ներառէ երաժշտական կատարումներ, տեսանիւթերու սփռում եւ մրցանակակիրներու ելոյթները։

Արարողութեան կարելի է հետեւիլ Սեպտեմբեր 15-ի երեկոյեան ժամը 20-էն սկսեալ, «Հրանդ Տինք» հիմնադրամի կայքէջէն եւ ընկերային ցանցերու (Դիմագիրք, X, ԵուԹուպ եւ Ինսթեկրամ) էջերուն վրայ։

Յիշեցնենք, թէ «Հրանդ Տինք» մրցանակը կը շնորհուի 2009-էն ի վեր։ 

Մրցանակը կը յանձնուի երկու անհատի՝ հաստատութեան կամ խումբի մը, մէկը Թուրքիայէն, միւսը արտասահմանէն, որոնք կ՚ոգեկոչեն կամ յոյս կու տան մարդոց՝ պայքարը շարունակելու։ 

Անոնք կ՚աշխատին աւելի ազատ ու արդար  աշխարհի մը համար՝ զերծ խտրականութենէ, ցեղապաշտութենէ եւ բռնութենէ։ Անոնք իրենց կեանքը վտանգի կ՚ենթարկեն յանուն այս նպատակներուն, կը կոտրեն կարծրատիպերը եւ կը գործածեն խաղաղութեան լեզուն։