Search
Close this search box.

ՊՈԼԻՍ – Մահացած է պոլսահայ հրատարակչական աշխարհի ամէնէն ծանօթ դէմքերէն Եդուարդ Թովմասեան (Թոմօ) 

Պոլսոյ մէջ, Դեկտեմբեր 13-ին իր մահկանացուն կնքած է Եդուարդ Թովմասեան, որ ամէնուն ծանօթ էր Թոմօ, աւելի ճիշդ՝ «Թոմօ աղբարիկ» անունով։ Ան, երկար տարիներ պայքարելէ ետք անողոք հիւանդութեան դէմ, 75 տարեկանին յանձնուած է անոր։

Ողբացեալը յատկապէս ծանօթ էր որպէս «Արաս» հրատարակչատան հիմնադիրներէն մէկը, ապա՝ անոր սիւնը, բայց կարեւոր ներդրում ունեցած է նաեւ «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադրութեան մէջ։ 

Անոր մահուան բօթը հաղորդած է «Արաս» հրատարակչատունը հետեւեալ տողերով.

«Կորսնցուցինք մեր հրատարակչատան հիմնադիրներէն, մեր ուսուցիչն ու մշտական ​​աջակցող Եդուարդ Թովմասեանը եւ բոլորիս Թոմօն։ Թոմօ աղբարիկ իր կեանքը նուիրեց հայ հասարակութեան, մշակոյթին ու գրականութեան։ “Արաս”-ի հիմնադրումէն ի վեր աճած վիթխարի սօսին անոր ջանքերով արմատներ արձակեց ու բազմաթիւ պտուղներ տուաւ։ Թոմօ աղբարիկի վճռականութիւնը, համեստութիւնն ու քաջութիւնը միշտ առաջնորդեցին մեզ։ Մեր հրատարակչատան էջերն ու մեր հրատարակած իւրաքանչիւր աշխատանք կը կրէր անոր դրոշմը։ Սիրով, յարգանքով ու երախտագիտութեամբ պիտի յիշենք զինք։ Ձեռքդ միշտ մեր թիկունքին պահէ, Թոմօ աղբարիկ»։

Եդուարդ Թովմասեան, որ 1993-ին Հրանդ Տինքի, Արտաշէս Մարկոսեանի եւ Մկրտիչ Մարկոսեանի հետ հիմնած է «Արաս» հրատարակչատունը, սա տողերով նկարագրած է անոր ստեղծումը. «Հայ համայնքը դժուար ժամանակներ կ՚ապրէր, անոր ձայնը չէր լսուեր։ Հայերը կ՚ապրէին անձայն, քաշուած՝ իրենց պատեաններուն մէջ։ Երբեմն ամէն ինչ կը դառնար անհանդուրժելի, բայց ի՞նչ կարելի էր ընել: Ի վերջոյ, մենք մեծ համայնք մը չենք»։

Ահա ձեւով մը եւ մասամբ այս կացութեան որպէս դարման հիմնուած է «Արաս» հրատարակչատունը, գլխաւոր նպատակ ունենալով  հայ հասարակութիւնն ու անոր էութիւնը, պատմութիւնն ու անցեալը ներկայացնել թուրք հանրութեան։ Հրատարակչատունը գլխաւորաբար կը կեդրոնանայ հայ հեղինակներու՝ թրքերէն թարգմանուած ստեղծագործութիւններու, թրքահայ հեղինակներու թրքերէն գիրքերու եւ հայերու մասին պատմական եւ մշակութային ստեղծագործութիւններու վրայ։ «Արաս» հրատարակչատունը, որ նաեւ հայերէն գիրքեր կը հրատարակէ, իր հիմնադրման օրէն ի վեր ընթերցողներու սեղանին բերած է աւելի քան 170 գիրք։

«100 կեանքի հետազօտման խումբ»-ին հետ հանդիպումին՝ Եդուարդ Թովմասեան,– որ «Աւրորա-2025»-ի թեկնածու առաջադրուած էր,–  ըսած էր. “Մեր գործը ո՛չ բարոյապէս, ո՛չ ալ ֆիզիքապէս դիւրին չէ։ Կը փորձենք քննարկում սկսիլ ըստ կարելւոյն համեստ կերպով՝ առանց մատ շարժելու, հարցը բարձրացնել՝ առանց պոռչտալու։ Բայց մենք որակը չենք զոհեր համեստութեան եւ միշտ կը ձգտինք լաւագոյն որակի հասնիլ”։

Թովմասեան աւելցուցած էր. “Մեր աշխատանքը հասարակ մարդոց համար է։ Բայց նոյնիսկ ակադեմիկոսները յաճախ անտեղեակ են մեր խնդիրներուն: Անդրադառնալով Հայկական հարցին՝ մենք արթնցուցինք ժողովուրդը, հաւանաբար նոյնիսկ ցնցում պատճառեցինք։ Իսկ այսօր արդէն շատեր նախաձեռնած են այս գործին, բայց մեր առաքելութիւնը չէ աւարտած”։

Թովմասեանի յուղարկաւորութիւնը նախատեսուած է Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 17-ին։ Ան պիտի հանգչի Պալըքլըի հայկական գերեզմանատան մէջ։