Search
Close this search box.

ՊՈԼԻՍ – Ոգեշունչ մթնոլորտի մէջ կատարուած է «Քամփ Արմէն»-ի հիմնարկէքը 

Շաբաթ, Նոյեմբեր 4-ի առաւօտեան հանդիսաւոր արարողութեամբ կատարուած  է «Քամփ Արմէն»-ի նոր կառուցուելիք համալիրի հիմնարկէքը՝ հայ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական առաջնորդներու մասնակցութեամբ։ Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեան, Պոլսոյ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ արհի. Լեւոն արք. Զէքիեան, Աւետարանական համայնքէն վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու եւ վեղարաւոր հայրեր ու հոգեւորականներ գացած են Թուզլա ու մէկտեղուած այն վայրին մէջ, ուր շաղախ պիտի թափուէր կառոյցի հիմերուն մէջ։

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» հայաստանեան դպրոցի ընտանիքն ալ հոն եղած է՝ մեծով ու պզտիկով. աշակերտները, ուսուցիչները համախմբուած՝ դպրոցի նուիրեալ հովանաւորներ Արթօ-Դալար Հորոզօղլու ամոլի եւ տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեանի շուրջ, դառնալով այս կարեւոր իրադարձութեան վկաներն ու ականատեսը։

Հիմնարկէքը կատարուած է Պոլսոյ Մայր քաղաքապետութեան աջակցութեամբ։ Հիմերուն մէջ թափուած են աղիւսի առաջին շաղախները։ Ուրախ մթնոլորտի մէջ արտասանուած պատգամները ծանրացած են միասնութեան գաղափարին շուրջ ։

Նոր կառուցուելիք համալիրը իր հանրակացարանով, բազմաբնոյթ լսարաններով ու սրահներով, նաեւ Հայաստանի մէջ ստեղծարար արհեստագիտութեան «ԹՈՒՄՕ» կեդրոնի մասնաճիւղով պիտի համախմբէ նորահաս սերունդը. անոնք որոնք այս ճամբարի սաները եղած են ու ճամբարի բացումէն ետք պիտի կարենան իրենց զաւակները կամ թոռները ուղարկել հոն՝ մշակոյթի եւ ինքնութեան ճամբով մերձենալու, նոր բարեկամութիւններ եւ հաղորդակցութիւն հաստատելու համար։

Մաղթենք որ շինութեան աշխատանքները կատարուին առանց որեւէ կաղացումի, ամենակարճ ժամանակի մէջ իր նպատակին ծառայացնելու համար «Քամփ Արմէն»-ի նոր համալիրը։

Քաղուած՝ «Մարմարա»-էն