Search
Close this search box.

ՊՈԼԻՍ – Պատրիարք հայրը շնորհաւորած է փրոֆ. Տարօն Աճեմօղլուն

Նախկին պոլսահայ փրոֆ. Տարօն Աճեմօղլու արժանացաւ տնտեսագիտութեան ոլորտի Նոպէլեան մրցանակին:

Այս առթիւ Սահակ Բ. Պատրիարք հայրը Հոկտեմբեր 15-ին շնորհաւորական նամակ մը յղած է դափնեկիրին, բարձր գնահատելով հանրածանօթ գիտնականին անձն ու վաստակը։

«Սրտի անհուն հրճուանքով տեղեկացանք, թէ Ձեր գիտաշխատութեամբ արժանացած էք Նոպէլեան մրցանակի։ Արժան եւ իրաւ։

Ձեր ցարդ արձանագրած յաջողութիւնները, միջազգային գետնի վրայ գտած ճանաչումը, հեղինակած յօդուածները, գիտաշխատութիւնները եւ գիրքերը խօսուն արձաններ են, որոնք կը մնան եւ պիտի մնան գիտութեան աշխարհէն ներս, պատիւ բերելով նախ Ձեր անձին, ապա Ձեր ընտանիքին եւ հուսկ՝ մեր երկրին Թուրքիոյ ու այդ գծով ալ Թուրքիոյ Հայ համայնքին։

Վստահ ենք, որ ձեր ծնողքէն ժառանգած էք յամառ գիտաշխատութեան խանդն ու կորովը։ Մենք կը յիշենք ձեր հոգելոյս մայրը՝ Իրմա Աճեմեանը, հանրածանօթ կրթական ու գրչի մշակը, նաեւ ձեր հոգելոյս հայրը՝ դոկտ. Գէորգ Աճեմօղլուն, իր կոչումին յիրաւի գիտակից իրաւաբանը, որոնց ուղղամիտ ջանասիրութեամբ՝ իրենց վստահուած պաշտօնները պսակուած են յաջողութիւններով։ Այժմ դուք կը փայլիք գիտութեան երկնակամարին վրայ, երբ կը տեսնուին ձեր յաջողութիւնները պսակուած Նոպէլեան մրցանակով։ Աստուած օրհնէ ձեզ եւ ձեր ընտանիքը։

Այս ուրախ առթիւ կու գանք շնորհաւորել ձեզ, խնդակցելով նախ ձեր ընտանիքին, ապա ձեզ ու ձեր գիտութիւնը յարգող բազում ծանօթ եւ բարեկամներու, դասախօս ընկերներու։ Մեր շնորհաւորականին կու գան միանալ մեր Հոգեւորականաց դասը, մեր եկեղեցեաց ծառայողները, համայնքային ու թաղային մարմիններու վարիչները եւ համայն թրքահայ համայնքը, ի Տեառնէ մաղթելով քաջառողջ կեանք, յարատեւ արտադրելու եռանդ, յաջողութիւններ եւ անխառն երջանկութիւն»,– նշուած է Պատրիարք հօր նամակին մէջ։