Search
Close this search box.

ՊՈԼԻՍ – Ցեղասպանութեան ոգեկոչման նուիրուած ձեռնարկը

Ապրիլ 23-ի երեկոյեան, DEM կուսակցութեան (քրտամէտ նախկին HDP-ն) Շիշլիի մասնաճիւղի Բանկալթըի կայանի մուտքին կազմակերպած աւանդական յիշատակումէն ետք, նոյն թաղի «Նոսթալժի» գրախանութին մէջ տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին ձօնուած ոգեկոչման ձեռնարկը։

Ելոյթներով հանդէս եկած են պատմաբան Թաներ Աքչամ (տեսակապով), Բանուորներու ընկերվարական յեղափոխական (DSIP) կուսակցութեան ներկայացուցիչ Թունա Էմրեն եւ «Ակօս»-ի հայերէն էջերու խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան։

Թաներ Աքչամ ծանօթացուցած է «Արաս» հրատարակչատան մատենաշարէն նոր լոյս տեսած Արամ Անտոնեանի «Մեծ ոճիր» անուն գիրքի թրքերէն առաջին թարգմանութիւնը, որ ընթերցողին կը ներկայանայ օսմաներէն՝ «Ճիւրմ-իւ ազամ» խորագրով։ Փաստագրական տուեալներով հարուստ այս գիրքը քննարկման նոր ալիք մը պիտի յառաջացնէ ցեղասպանագիտական դաշտին վրայ։

Թունա Էմրեն եւ Բագրատ Էսդուգեան անդրադարձած են Ցեղասպանութեան մերօրեայ դրսեւորումներուն, յատկապէս ալ համաշխարհային հասարակութեան, ի մասնաւորի ՄԱԿ-ի անբաւարարութիւններուն։