Search
Close this search box.

ՊՐԻՒՍԷԼ – Եւրոպական Միութիւնը ընդառաջած է,– անդամ երկիրներու դեսպաններու մակարդակով,– Հայաստանի հետ վիզայի ջնջումի բանակցութիւններ սկսելու առաջարկին

Տարիներ տեւած բանակցութիւններէ ետք, Յուլիս 17-ին Եւրոպական Միութիւնը ի վերջոյ ընդառաջած է անդամ բոլոր երկիրներու դեսպաններու մակարդակով՝ Հայաստանի հետ վիզայի ջնջումի շուրջ բանակցութիւններ սկսելու Եւրոպական յանձնաժողովի առաջարկին։  Լուրը կը հաղորդէ «Ազատութիւն» լրասփիւռի դիւանագիտական աղբիւրը։

«Անդամ 27 երկիրներու հաւանութենէն ետք հարցը կը փոխանցուի Եւրոպական յանձնաժողովին եւ վերջինս ալ կը յայտարարէ, թէ յստակօրէն ե՞րբ կը սկսին բանակցութիւնները եւ գործողութիւններու ի՞նչ ծրագիր կը ներկայացուի Երեւանին»,– նշած է նոյն աղբիւրը։

Այդ կը նշանակէ, որ պէտք է ներկայացուին կատարուած քայլերու մասին ամէնամեայ զեկոյցներ, որոնք պիտի տեւեն քանի մը տարի։ Որոշ երկիրներու, օրինակ, Մոլտավիոյ պարագային, պահանջուած է 3-էն 4 տարի, Վրաստանէն՝ 5, Ուքրաինայէն՝ 9։ Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնները 10 տարիէ աւելի է, որ տակաւին կը շարունակուին, այնպէս որ ամէն մէկ երկիր տարբեր ձեւով կ՚անցնի այդ ճամբան։ Սա գործընթացի սկիզբն է, զոր աւարտին հասցնելու համար ժամանակի կը կարօտի։

Հայաստանի կապակցութեամբ որոշումին մէջ նշուած է, թէ վիզաներու պահանջը կը վերցուի միայն անհարժեշտ բոլոր չափանիշերու կատարեալ բաւարարման պարագային։

Սա հարիւրաւոր էջերէ բաղկացած ծաւալուն պահանջներու ցանկ մըն է, զոր Հայաստան պէտք է իրագործէ, ինչ որ տարիներ կը պահանջէ։

«Այս հարցին մէջ վերջնական որոշում կայացնելու իրաւունք ունի երկու կառոյց․ մէկը Եւրոպական խորհդարանն է, ուր Հայաստան անհրաժեշտ աջակցութիւն ունի, երկրորդը՝ անդամ երկիրները։ Բոլոր՝ 27 անդամներն ալ պէտք է միասին իրենց համաձայնութիւնը տան, որ դիւրին գործ մը չէ, քանի որ այժմ Եւրոպայի մէջ ապօրինի ներգաղթի դէմ շարժում սկսած է»,– պարզաբանած է «Ազատութիւն» լրասփիւռի դիւանագիտական աղբիւրը։