Ապրիլ 5-ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետին, ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարին եւ Եւրոպական յանձնաժողովին միջեւ հանդիպումը, որ առաջինն էր նման ձեւաչափով։
Հայաստան-ԵՄ-ԱՄՆ բարձր մակարդակի հանդիպումէն առաջ Նիկոլ Փաշինեան, Ուրսուլա վոն տեր Լեյէն, Էնթընի Պլինքըն եւ Խոսեփ Պորէլ հանդէս եկան յայտարարութիւններով։
Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա վոն տեր Լեյէն հաղորդեց, որ Պրիւսէլ պատրաստ է յաւելեալ 270 միլիոն եւրոյի աջակցութիւն տրամադրելու Հայաստանին յառաջիկայ չորս տարուան ընթացքին՝ տնտեսութեան զարգացման, մասնաւորապէս փոքր ու միջին գործարարութեան աջակցելու, ինչպէս նաեւ ենթակառոյցներու զարգացման համար։
“Մենք ներդրումներ պիտի ընենք Հայաստանի տնտեսութիւնն ու հասարակութիւնը աւելի ամուր եւ ցնցումներու դիմացկուն դարձնելու համար։ Մենք կ՚աջակցինք ձեր գործարարութեան, ձեր տաղանդներուն, յատկապէս ձեր փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններուն, որպէսզի կարողանաք օգնել անոնց՝ զարգանալու, նորարարութիւններ կատարելու եւ մուտք գործելու նոր շուկաներ: Մենք ներդրումներ պիտի ընենք հիմնական ենթակառուցային նախագիծերուն, օրինակ՝ Սեւ ծովի ելեկտրահաղորդման ուղիին, որ կարելիութիւններով լի ծրագիր մըն է։ Ան կրնայ յատկապէս Եւրոպա բերել մաքուր, վերականգնուող ուժանիւթ”,– ընդգծած է Եւրոպական Միութեան գործադիր մարմինի ղեկավարը:
Միացեալ Նահանգներու Արտաքին դիւանագիտութեան ղեկավար Էնթընի Պլինքըն իր կարգին յայտարարած է, թէ Ուաշինկթըն յանձնառու է օժանդակելու Հայաստանին եւ կը նախատեսէ աւելի քան 65 միլիոն տոլարի աջակցութիւն տրամադրել, որ 50 տոկոսով աւելի է քան երկու տարի առաջուանը։ Ան շեշտած է, թէ Միացեալ Նահանգներ կ՚ուզէ տեսնել բարգաւաճող ու կայուն Հայաստան մը, իր դրացիներուն հետ խաղաղութեան մէջ։
“Հայաստանի համար տարածաշրջանային համարկումը կենսական նշանակութիւն ունի”,– յայտարարած է Պլինքըն, ընդգծելով, որ ԱՄՆ բարձր կը գնահատէ Հայաստանի առաջարկած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը, որուն Պաքու ցարդ պաշտօնապէս չէ արձագանգած։
Համարկումի վերոնշեալ ծրագրի մասին խօսած է նաեւ Եւրոպական Միութեան՝ Արտաքին եւ ապահովութեան հարցերու բարձր յանձնակատար Խոսեփ Պորէլ։ Ան նշած է, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու խորացումը տեղի կ՚ունենայ արդէն գործող՝ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան շրջանակին մէջ։
“Երկու ամիս առաջ մենք Հայաստանի հետ գործընկերութեան խորհուրդի հանդիպում ունեցանք հոս՝ Պրիւսէլի մէջ, եւ արդէն պարզ էր, որ մեր յարաբերութիւնները կը զարգանան դրական ուղիով, անոնք աւելի քան ամուր են, եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն կայ զանոնք ա՛լ աւելի զարգացնելու։ Եւ ահա այսօր մենք մեր ամերիկացի գործընկերներուն հետ կը միաւորենք մեր ուժերը՝ ցոյց տալու մեր յանձնառութիւնը Հայաստանի ինքնիշխանութեան, ժողովրդավարութեան եւ դիմադրականութեան”,– յայտարարած է ԵՄ-ի բարձր յանձնակատարը, աւելցնելով. “Հայաստան տակաւին պէտք է շարունակէ աշխատիլ բարեփոխումներու վրայ, որպէսզի հզօրացնէ իր դիմադրականութիւնը, եւ այս ջանքերը Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրին մաս կը կազմեն։ Աւելի կայուն ու զօրաւոր Հայաստան կը նշանակէ աւելի կայուն ու զօրաւոր Հարաւային Կովկաս, որու օգուտները կը քաղեն տարածաշրջանի բոլոր երկիրները”։
Հայաստանի վարչապետը երախտագիտութիւն յայտնած է կողմերուն այս շարունակական յանձնառութեան համար եւ ընդգծած, որ Հայաստան պատրաստակամ է շարունակելու բարեփոխումներն ու Արեւմուտքի հետ սերտ յարաբերութիւնները։
Նիկոլ Փաշինեան նաեւ խօսած է Ազերպայճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին՝ յիշատակելով հիմնական սկզբունքները, այդ կարգին՝ Ալմաթիի հռչակագրին հաւատարիմ մնալու անհրաժեշտութիւնը։
Նշենք, թէ Պրիւսէլ այցին վարչապետ Փաշինեան գլխաւորած է 21 հոգինոց պատուիրակութիւն մը։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն վարչապետին կինը՝ տիկին Աննա Յակոբեան, փոխվարչապետ Տիգրան Խաչատրեան, Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարար Արարատ Միրզոյեան, ԱԳ փոխնախարար Վահան Կոստանեան, Պելճիքայի եւ ԱՄՆ-ու մէջ Հայաստանի դեսպաններ Տիգրան Բալայեան եւ Լիլիթ Մակունց, վարչապետի մամլոյ բանբեր Նազելի Բաղդասարեան, վարչապետի աշխատակազմի արարողակարգի, լրատւութեան վարչութեան եւ անվտանգութեան աշխատակիցներ, ինչպէս նաեւ լրասփիւռներու երկու ներկայացուցիչ։
Աւելցնենք, թէ Պրիւսէլի հանդիպման աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ մասնաւորապէս կ՚ըսուի.
«Եւրոպական Միութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները կը սատարեն Հայաստանի եւ տարածաշրջանին համար կայուն, խաղաղ, ապահով, ժողովրդավարական եւ բարգաւաճ ապագային։ Այս համածիրին մէջ, նպատակ ունինք ընդլայնելու համագործակցութիւնը՝ Հայաստանի դիմադրականութեան ու կայունութեան ամրապնդման գծով, որ կը ներառէ առանցքային տարբեր բնագաւառներ, ինչպէս՝ քաղաքական բարեփոխումները, տնտեսական զարգացումը եւ մարդասիրական աջակցութիւնը։ Մենք պիտի ձգտինք ընդլայնելու մեր գործընկերութիւնները, օրինակ՝ շարժունակութեան, կառավարման, օրէնքի կիրարկման, առեւտուրի, կապի, գիւղատնտեսութեան, ուժանիւթի եւ ճարտարագիտութիւններու կալուածներուն մէջ։ Եւ այս նպատակով Եւրոպական Միութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները կը նախատեսեն աւելի ամուր համագործակցութիւն Հայաստանի հետ»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։