Եւրոպական խորհրդարանի Ամանորեայ տօնավաճառին ութադրութիւն կը գրաւէ հայկական մշակոյթն ու ձեռագործ աշխատանքները ներկայացնող «Արսլանեան» հիմնադրամի տաղաւարը, որու ամբողջ հասոյթը պիտի յատկացուի կարիքաւոր հայ ընտանիքներուն, իսկ այս օրերուն՝ արցախահայերու կենցաղի բարելաւման, առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներու հայթայթման։
«Արսլանեան» հիմնադրամը ստեղծուած է Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի կարիքաւոր ընտանիքներուն աջակցութեան տարբեր միջոցներ տրամադրելու նպատակով։ Լարա Արսլանեան 2020-ին հիմնադրած է «Protect ARTsakh» բարեսիրական արուեստի առցանց աճուրդը, իսկ Անելքա եւ Լոռի Արսլանեան կը ղեկավարեն հիմնադրամը եւ այդ շրջանակին մէջ կ՚իրագործեն տարբեր ծրագրեր։
Եւրոպական խորհրդարանի Ամանորեայ տօնավաճառին մասնակցելէ առաջ, մէկ շաբաթ շարունակ բարեսիրական վաճառքը տեղի ունեցած է Պրիւսէլի ամէնէն բանուկ փողոցներէն մէկուն մէջ գտնուող հայ ճարտարապետի մը գրասենեակը։ Ան իր դռները սիրով բացած է՝ յանուն հայանպաստ գործի։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։