Search
Close this search box.

ՊՐԻՒՍԷԼ – Պելճիքայի Ֆիլիփ Ա. թագաւորը «Պարոն»-ի տիտղոս շնորհած է պելճիքացի հայ նշանաւոր գործարար, հասարակական գործիչ Փիէր Կիւրճեանին

Պելճիքացի հայ գործարար, հասարակական գործիչ Փիէր Կիւրճեան՝ Ֆիլիփ Ա. թագաւորին կողմէ արժանացած է «Պարոն» տիտղոսին։

Պրիւսէլի մէջ «Արմէնփրէս»-ին տուած հարցազրոյցին ան անդրադարձած է հօրը կողմէ մեծ ծնողքին՝ Թուրքիայէն Պելճիքա փոխադրուելու պատմութեան, Ռուբէն Վարդանեանի ու Նուպար Աֆէեանի հետ «Հայաստան 2020» նախագծի շրջանակին մէջ  Հայաստան կատարած այցելութիւններուն։

Գործադիր ղեկավարութեան, կառավարման եւ հասարակական ազդեցութեան մեծ փորձառութեամբ մասնագէտ Կիւրճեան՝ ի շարս այլ յայտնի կառոյցներու, ութ տարի ղեկավարած է Պրիւսէլի ազատ Համալսարանը։

Նշանաւոր գործիչը կ՚ըսէ, թէ «Պարոն»-ի տիտղոսը իրեն համար մեծ պատասխանատւութիւն է աջակցելու բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին ներդրում կատարել, ծառայելով աւելի լաւ հասարակութիւն ունենալու նպատակին։