Search
Close this search box.

ՊՐԻՒՍԷԼ – Վարչապետ Փաշինեան. «Հպարտութեամբ կրնանք յայտարարել, որ Հայաստանի հիւլէակայանը կը խորհրդանշէ եւ կ՚ամրապնդէ մեր ինքնիշխանութիւնը» 

Վարչապետ Փաշինեան աշխատանքային այցով Մարտ 20-ին ժամանած է Պրիւսէլ, ուր Մարտ 21-ին ան մասնակցած է Հիւլէական ուժանիւթի անդրանիկ համաժողովին եւ  երկկողմ հանդիպումներ ունեցած է իր պաշտօնակիցներուն հետ։

Հիւլէական ուժանիւթի անդրանիկ համաժողովին,– որուն մասնակցած են Ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն, Պելճիքայի վարչապետ Ալեքսանտր տը Քրու, Եւրոպական խորհուրդի եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահներ Շառլ Միշէլ եւ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյէն, եւ շարք մը այլ երկիրներու նախագահներ, վարչապետեր եւ ներկայացուցիչներ,– Հայաստանի վարչապետը եւս ունեցած է ելոյթ, ուր մասնաւորապէս նշած է.

“Հայաստանի համար հիւլէական ուժանիւթը կարեւոր դեր կը խաղայ եւ կ՚օգնէ Փարիզի համաձայնագրով  սահմանուած գործողութիւններու իրականացման։ Ամբողջ տասնամեակներ Հայաստանի հիւլէակայանը եղած է իբրեւ մեր ուժանիւթի համակարգի կարեւորագոյն տարրը՝ ապահովելով ուժանիւթի արտադրութեան կայունութիւնը։ Ներկայիս մեր երկրի ելեկտրականութեան շուրջ 30%-ը կու գայ հիւլէական ուժանիւթէն։ Այդ կէտին հասնելու մեր ճամբան փշոտ եղած է, որու գագաթնակէտը՝ հիւլէակայանի փակման ողբերգական շրջանն էր։ Այսօր մենք հպարտութեամբ կրնանք յայտարարել, որ ի շարս այլ կարեւոր հանգամանքներու, ան նաեւ կը խորհրդանշէ եւ կ՚ամրապնդէ մեր ինքնիշխանութիւնը։

Յամենայն դէպս, այս կարեւոր դերը կ՚ենթադրէ նաեւ մեծ պատասխանատւութիւն: Հայաստան սերտօրէն կը համագործակցի Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հետ՝ միջուկային անվտանգութիւն ապահովելու գործին մէջ որդեգրելով յստակ դիրքորոշում, միաժամանակ կատարելով իր բոլոր պարտաւորութիւնները։ Մենք պարբերաբար կը հիւրընկալենք փորձագիտական առաքելութիւններ, որոնց հաշուետւութիւնները յստակ ցոյց կու տան, որ Հայաստանի ելեկտրակայանը կը գործէ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան անվտանգութեան չափանիշներուն համապատասխան: Մեր հիւլէակայանի ամբողջ գործունէութեան ընթացքին միջուկային կամ շողարձակման որեւէ միջադէպի բացակայութիւն կը վկայէ այս գործին մեր անսասան նուիրումին մասին: Այս ձեռքբերումը Հայաստանի քաղաքական կամքի եւ փորձագիտական հմտութիւններու վկայութիւնն է”:

(…)

“Ցաւօք, ամբողջ աշխարհի մէջ շարունակուող հակամարտութիւնները, ներառեալ մեր տարածաշրջանի վերջին հակամարտութիւնները, ոչ միայն վտանգի կ՚ենթարկեն միջուկային կառոյցներու ապահովութիւնը, այլեւ խոչընդոտ կը հանդիսանան խաղաղ միջուկային նախաձեռնութիւններու յառաջխաղացքին։ 

Հայաստան կոչ կ՚ուղղէ բոլոր միջազգային գործընկերներուն օգտագործելու ընթացիկ համաժողովի պատմական կարելիութիւնը եւ միատեղ ջանքերով առաջ տանելու համաժողովի հռչակագրին մէջ ամրագրուած պարտաւորութիւններն ու նպատակները՝ ճամբայ հարթելու դէպի աւելի մաքուր, անվտանգ եւ կայուն ապագայ հետագայ սերունդներուն համար”։

Փաշինեան–Մաքրոն հանդիպումը

Սոյն համաժողովին շրջանակին մէջ վարչապետը հանդիպում ունեցած է նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոնի հետ:

Կողմերը ընդգծած են Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւնը եւ յայտնած բազմաոլորտ համագործակցութիւնը ամրապնդելու վճռակամութիւն։ Անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած քայլերուն, Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող հոլովոյթներուն:

Միտքեր փոխանակուած են Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն փոխադարձ գործակցութեան հետագայ զարգացման ու ընդլայնման շուրջ:

Նոյն օրը Հայաստանի վարչապետը առանձին տեսակցութիւններ ունեցած է նաեւ Շուէտի, Ֆինլանտիոյ եւ Պելճիքայի իր պաշտօնակիցներուն, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի եւ Չինաստանի փոխվարչապետին հետ։