Search
Close this search box.

ՊՐԻՒՍԷԼ – Փաշինեան-Փաուըր հանդիպումին քննարկուած են Արցախէն տեղահանուածներու մարդասիրական խնդիրները

Ապրիլ 5-ին, Պրիւսէլի մէջ տեղի ունեցած վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ ԱՄՆ-ու Միջազգային զարգացման գործակալութեան (ՄԶԳ) ղեկավար Սամանթա Փաուըրի հանդիպումին քննարկուած են Արցախէն տեղահանուածներու մարդասիրական խնդիրները։

Վարչապետը ներկայացուցած է Հայաստանի գործադրած ծրագրերն ու հետագայ քայլերը, ընդգծելով միջազգային գործընկերներու, այդ կարգին՝ ԱՄՆ-ու կողմէ, բռնի տեղահանուածներուն ցուցաբերուող աջակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

Այս համածիրին մէջ կողմերը անդրադարձած են բռնի տեղահանուածները յատկապէս բնակարանով ապահովելու հարցին։

Սամանթա Փաուըր նշած է, որ ԱՄՆ-ու Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը պիտի շարունակէ սերտ համագործակցութիւնը Հայաստանի հետ եւ պատրաստ է աջակցութիւն ցուցաբերելու կառավարութեան ծրագրերուն` ի նպաստ ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ զարգացման։