Search
Close this search box.

Պրիւսէլի մէջ հանդիպում կ՚ունենան Հայաստանի եւ Ազերպայճանի փոխվարչապետերը

 

Նոյեմբերի առաջին շաբթուան ընթացքին Պրիւսէլի մէջ կը կայանայ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ պետական սահմանի զատման եւ սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողովներու նիստը:

«Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին լուրը հաստատած են փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակէն: