Հոկտեմբեր 21-ը պատմական օր մը եղած է Ախալքալաքի շրջանի Գոմանի գիւղի բնակչութեան համար: Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Կիրակոս եպիսկոպոս Դաւթեանի ձեռամբ օծուած է տեղւոյն հիմնովին նորոգուած, 1847-ի կառոյց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին:
Այդ օր ի վերջոյ իրականութիւն դարձած է գոմանցիներու երազանքը, փլուզուած եկեղեցին կանգուն եւ գործող տեսնելու փափաքը:
Տեղացիները աւանդական աղուհացով դիմաւորած են Ջաւախք ժամանած Թեմակալ առաջնորդը, առաջնորդական փոխանորդը, Թիֆլիսէն, Ռուսաստանէն, Հայաստանէն ու Վրաստանի տարբեր շրջաններէն եկած հիւրերը:
Առաջնորդ Սրբազան հօր ձեռամբ եւ Սամցխէ Ջաւախքի ու Ծալկայի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդ Նշան վարդապետ Հմայեակեանի մասնակցութեամբ, Թադէոս քահանայ Տէր-Մկրտչեան եւ Նարեկ քահանայ Տիգրանեան Սուրբ միւռոնով օծած են եկեղեցւոյ սիւները, մկրտութեան աւազանը, պատկերները, որոնք վերածուած են սրբապատկերի:
Դռնբացէքի արարողութենէ ետք, նորաօծ եկեղեցւոյ Սուրբ խորանէն շնորհաւորանքի խօսքերով ներկաներուն դիմած է Թեմակալ առաջնորդը: Ան բարձր գնահատած է ռուսաստանաբնակ հայր եւ որդի Ռուբէն եւ Դաւիթ Բանդիկեանը՝ իրենց ծննդավայրի նորոգուած ու օծուած Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին գիւղին ու անոր բնակչութեան վերադարձնելնուն համար: Կիրակոս եպիսկոպոս բարերարներուն նուիրած է օրհնութեան գիր եւ սրբապատկեր:
Աւարտին, Բանդիկեան ընտանիքին կողմէ հիւրասիրուած են բոլոր ներկաները։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։