Search
Close this search box.

Ռուբէն Վարդանեան Պաքուի բանտին մէջ հացադուլ յայտարարած է

2023 Սեպտեմբեր 28-էն ի վեր Պաքուի բանտը գտնուող Արցախի նախկին Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան Ապրիլ 5-էն հացադուլ յայտարարած է։ Լուրը հաղորդած է Վարդանեանի ընտանիքը։

Ռուբէն Վարդանեան կը պահանջէ անյապաղ եւ անվերապահօրէն ազատ արձակել զինք եւ Պաքուի մէջ ապօրինաբար ճաղերու ետին գտնուող միւս հայ բանտարկեալները։

Ընտանիքը նշած է, որ հացադուլը սկսելէն յետոյ խզուած է անոր հետ հեռաձայնային կապը։ «Սա միջազգային իրաւունքի բոլոր չափանիշերու բացայայտ խախտում է։ Անցնող Յունուարին սպասուող դատաքննութիւնը առանց պատճառի յետաձգուած է Մայիս ամսուն»,– հաղորդած է Վարդանեանի ընտանիքը։

Վարդանեանի որդին՝ Դաւիթ Վարդանեան յայտարարած է, որ խորապէս մտահոգ է հօր առողջական վիճակով:

Վարդանեանի ընտանիքը կը պահանջէ, որ Ազերպայճանի կառավարութիւնը անյապաղ մուտքի կարելիութիւն ստեղծէ Միջազգային կարմիր խաչին՝ Ռուբէն Վարդանեանի եւ միւս բանտարկեալներու վիճակը գնահատելու համար, վերականգնէ հեռաձայնային կապը, Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ որեւէ խաղաղ համաձայնագիր պէտք է ներառէ բոլոր հայ բանտարկեալներու ազատ արձակումը, COP 29-ը պէտք չէ տեղի ունենայ Պաքուի մէջ՝ առանց նշեալ քայլերու իրագործման։

Նշենք, թէ ազերպայճանական կողմը ցարդ Ռուբէն Վարդանեանի հացադուլին մասին որեւէ տեղեկութիւն չէ հաղորդած։