Search
Close this search box.

Ռուս սահմանապահները աւարտած են իրենց ծառայութիւնը «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ

Պետական սահմանի պաշտպանութիւնը ստանձնած է հայկական կողմը

Յուլիս 31-ին, ռուս սահմանապահները աւարտելով իրենց 32-ամեայ ծառայութիւնը Հայաստանի «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանին մէջ՝ պետական սահմանի պաշտպանութիւնը փոխանցած են հայկական կողմին։

Հրաժեշտի արարողութեան ընթացքին Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի առժամեայ հաւատարմատար Մաքսիմ Սելեզնիով իր խօսքը ուղղելով ռուս սահմանապահներուն նշած է. «Հայաստանի սահմանապահ զօրքերուն հետ ձեր միատեղ ծառայութեան ընթացքին հայ գործընկերներուն հաղորդեցիք անգնահատելի փորձառութիւն, գիտելիք եւ հմտութիւն, վստահելի հիմքեր դնելով անցակէտին՝ բարձր մակարդակով հետագայ գործունէութեան համար»։

Այս կապակցութեամբ արձանագրութիւնը ստորագրած են Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) սահմանապահ զօրքերու հրամանատար Էդգար Յունանեան եւ Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի սահմանային վարչութեան պետ, զօրավար Ռոման Կոլուպիցքի։

Մարտին՝ իր վերջին ասուլիսին, վարչապետ Փաշինեան ըսած էր, որ հայկական կողմը դիմած է ռուսականին ու տեղեկացուցած, թէ Հայաստան բաւարար կարողութիւններ ունի առանձին ապահովելու համար սահմանի հսկողութիւնը։

Ռուս սահմանապահները, այդուհանդերձ, կը շարունակեն իրենց ծառայութիւնը հայ-թրքական եւ հայ-իրանական սահմանին։

Լուսանկարը՝ © Sputnik / Aram Nersesyan