Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարած է, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ներքաղաքական բոլոր իրադարձութիւնները որպէս ինքնիշխան պետութիւն՝ Հայաստանի ներքին գործն են։
Խօսելով հայ-ռուսական յարաբերութիւններու մակարդակին մասին՝ բանբերը նշած է, որ անոնք միշտ կառուցուած են իրաւահաւասարութեան, փոխշահաւէտութեան, տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի բարդութեան ընկալման հիման վրայ։
“Շատեր կ՚ուզեն փլուզել այդ յարաբերութիւնները, շատեր քիչ ջանք չեն գործադրած անոնց վնաս հասցնելու համար, բայց իմ կարծիքով, Ռուսաստան իր բաց սրտով ու հոգիով ըրած է ամէն ինչ, որպէսզի ձախողին ոչ թէ Ռուսաստանի, այլ՝ երկկողմ յարաբերութիւններու կործանման համար եղած այդ փորձերը, որոնք հարուածած են նախ եւ առաջ հայ ժողովրդն ու տարածաշրջանի կայունութիւնը։ Կարելի է ըսել՝ ճիշդ այդ կայունութեան ու անվտանգութեան համար զոհուեցան բազմահազար կեանքեր ու ճակատագրեր, ներառեալ՝ Ռուսաստանի քաղաքացիներ՝ մեր զինուորները, որոնք կը պաշտպանէին տարածաշրջանն ու հայ ժողովուրդը։ Մենք այնքա՜ն հոգի դրած, այնքան ուժ ու ջերմութիւն ներդրած ենք մեր յարաբերութիւններու զարգացման մէջ, որ որեւէ կերպով կարելի չէ զանոնք փճացնել։ Այդ ամէնը պէտք է նկատի ունենալ”,– ըսած է Զախարովա՝ համոզում յայտնելով, որ Հայաստան ու Ռուսաստան միշտ պիտի մնան բարեկամներ եւ պիտի շարունակեն զարգացնել երկկողմ յարաբերութիւնները։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։