Search
Close this search box.

ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Մոսկուայէն՝ սպառնալիքի համազօր նոր յայտարարութիւն

«Յուսանք, որ Երեւան չ՚ընտրեր Քիեւի ուղին»

Խորամանկօրէն շարք մը մեղմ արտայայտութիւններով թեթեւցուած, բայց եւ այնպէս սպառնալիքի համազօր նոր յայ­տա­րարու­թիւն մը հնչած է Մոս­կուայէն, որ կը զգու­շացնէ Երե­ւանը՝ եթէ չ՚ու­զեր են­թարկուիլ Ուքրաինա­յի ճա­կատագ­րին։

Այսպէս, ըստ ԹԱՍՍ լրա­տու գոր­ծա­կալու­թեան՝ Ռու­սաստա­նի նա­խագա­հի մամ­լոյ քար­տուղար Տմիթ­րի Փես­քով Յու­լիս 25-ին յայ­տա­րարած է, թէ «Մոս­կուա կը յու­սայ, որ Երե­ւան չ՚ըն­թա­նար Քիեւի վար­չակազ­մի ու­ղիով՝ ընտ­րու­թիւն կա­տարե­լով Արեւ­մուտքի եւ Ռու­սաստա­նի մի­ջեւ»։

“Մենք կ՚ապա­ւի­նինք Հա­յաս­տա­նի քաղաքա­կան իմաստնու­թեան, ընբռնու­մով կը մօ­տենանք Եւ­րո­պական Միու­թեան հետ Երե­ւանի գոր­ծակցու­թեան նկատ­մամբ, պար­զա­պէս պի­տի չու­զէինք, որ ան ընտրէր Քիեւի վար­չա­կազ­մի ու­ղին, այ­սինքն՝ «կամ-կամ» սկզբունքը: Այդպի­սի քա­ղաքա­կան տես­լա­կան մը փա­փաքե­լի պի­տի չըլ­լար”,– լրագ­րողնե­րուն յայտնած է ռուս դի­ւանա­գէտը՝ անդրա­դառ­նա­լով Հա­յաս­տա­նին 10 մի­լիոն եւ­րո­յի սպա­ռազի­նու­թեան օգ­նութիւն տրա­մադ­րե­լու Եւ­րո­պական Միու­թեան կա­յացու­ցած որո­շու­մին։

Ան միաժա­մանակ նշած է, որ «Հա­յաս­տան ինքնիշ­խան եր­կիր է եւ ինք կ՚ընտրէ փո­խադարձ գոր­ծակցու­թեան առաջ­նա­հերթ բնա­գաւառ­նե­րը»,– ընդգծե­լով, որ Հա­յաս­տան Ռու­սաստա­նի հա­մար դաշ­նա­կից եւ եղ­բայրա­կան եր­կիր է։

Փես­քով նաեւ հաս­տա­տած է, որ Ռու­սաստան մտա­դիր է զար­գացնել յա­րաբե­րու­թիւննե­րը Հա­յաս­տա­նի հետ։ ■