Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա Յունիս 22-ին տեղի ունեցած շաբաթական մամլոյ ասուլիսին մեկնաբանելով՝ ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպական եւ Եւրասիական հարցերու տեղակալ Քարեն Տոնֆրիտի յայտարարութիւնները, յայտնած է, թէ Մոսկուա կը կասկածի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափի շրջանակին մէջ Ռուսաստանի հետ համագործակցութիւնը շարունակելու մասին Ուաշինկթընի խօսքերուն անկեղծութենէն:
“Եթէ Ուաշինկթըն եւ Փարիզ իսկապէս կարեւոր կը համարէին Մինսքի խումբի համանախագահներու իւրայատուկ միջնորդական ձեւաչափը, պէտք չէր որ անտեսէին ԵԱՀԿ-ի բոլոր մասնակից պետութիւններու կողմէ հաստատուած լիազօրութիւնը, եւ Փետրուար 24-ին ցուցադրաբար, առանց որեւէ խորհրդակցութեան, պէտք չէր որ խզէին կապերը Մինսքի խումբի ռուսաստանցի համանախագահին հետ: Այդ քայլով եռանախագահներու աշխատանքին անդառնալի վնաս հասցուած է”,– ընդգծած է Ռուսաստանի ԱԳՆ-ու ներկայացուցիչը:
Զախարովայի համաձայն՝ Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսա մինչ օրս որեւէ յստակ բացատրութիւն չեն տուած տուեալ «վրդովեցուցիչ քայլին» վերաբերեալ, եւ նմանապէս չկայ որեւէ երաշխիք, որ նմանատիպ «անպատասխանատու» գործողութիւնները պիտի չկրկնուին:
“Կարելի չէ ձեւացնել, թէ ոչինչ պատահած է, այլ պէտք է նկատի ունենալ նոր իրողութիւնները: Ես կը կարծեմ, որ նպատակը մեզ մեկուսացնելն էր, բայց անոնց հաշիւը կրկին սխալ էր: Ռուսաստան ամէնէն աւելի շահագրգռուած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորմամբ եւ չի կրնար թոյլ տալ, որ առանձին արտաքին դերակատարներու քաղաքականացուած քայլերը խաթարեն տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ կայունութեան վերականգնման ուղղուած արդէն բարդ ջանքերը”,– աւելցուցած է Մարիա Զախարովա:
Նոյն մամլոյ ասուլիսին, Զախարովա յայտարարած է, որ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ սահմանազատման յանձնաժողովին երկրորդ նիստը շուտով կը կայանայ Մոսկուայի մէջ։
“Ազերպայճանի եւ Հայաստանի սահմանամերձ որոշ շրջաններուն մէջ պարբերաբար ծագող միջադէպերը, խնդիրները կը հաստատեն սահմանազատման յանձնաժողովի համակարգուած եւ կանոնաւոր աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը”,– ըսած է ռուս դիւանագէտը՝ մեկնաբանելով վերջերս հայ զինուորի մը սպանութեան պարագան։
Զախարովայի համաձայն՝ Ռուսաստան պատրաստ է մօտ ապագային ընդունելու սահմանազատման յանձնաժողովին երկրորդ նիստը Մոսկուայի մէջ, որու մասին կողմերը համաձայնած են Մայիս 24-ին։ “Միժամանակ, կարեւոր է քայլերու ձեռնարկել կայունութեան եւ սահմանի անվտանգութեան մակարդակը բարձրացնելու համար, ինչպէս այդ մասին նշուած է երեք երկիրներու ղեկավարներու՝ յատկապէս Սոչիիի 2021 Նոյեմբեր 26-ի յայտարարութեան մէջ”,– եզրակացուցած է Զախարովա։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։