Անթալիոյ դիւանագիտական համաժողովին Լաւրով զգուշացուց Հայաստանը, թէ կարելի չէ ՀԱՊԿ-էն (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւն) դուրս գալ եւ մնալ ԵԱՏՄ-ի մէջ (Եւրասիական տնտեսական միութիւն)։ Պարզ է որ Ռուսաստան պիտի չհանդուրժէ որ Հայաստան օգուտ քաղէ Եւրասիական յարաբերութիւններու տնտեսական աճէն, առանց պահպանելու Հայաստանի վրայ քաղաքական ու ռազմական գերակայութիւնը, ինչպէս եղած է անցեալ 30 տարիներու ընթացքին։
Մինչեւ Ներքին Հանդի միջադէպը՝ Փետրուարին, որուն զոհ գնաց 4 հայ սահմանապահ, Հայաստանի իշխանութիւնները շատ զգուշաւոր էին Ռուսաստանի հետ, փորձելով ռազմավարական կապերը չվնասել, հաւասարակշռուած դիրքեր պահպանել։ Նոյնիսկ Պատժական միջազգային ատեանին միանալու ընթացքին, Փութինի Հայաստան այցի պարագային՝ անոր ձերբակալման վերաբերեալ հարցումին ի պատասխան՝ Փաշինեան մտավախութիւնները փարատելու նպատակով յայտարարեց, թէ պետական երկկողմ յարաբերութիւններ կան, զորս պէտք է յարգել։ Իսկ ՀԱՊԿ-ի պարագային, կառավարութեան դիրքորոշումը այն էր, որ Հայաստան դուրս պիտի չգայ ՀԱՊԿ-էն, այլ ՀԱՊԿ-ն է որ չկատարելով իր հաւաքական անվտանգութեան իր պարտաւորութիւնները լքած կ՚ըլլայ Հայաստանը։
Սակայն, հակառակ Հայաստանի կառավարութեան զգուշաւորութեան, ռուսական կողմին համար ժամանակը հաշւուած է, որքան երկարաձգուի Ուքրաինական պատերազմը՝ այնքան ռուսական դիրքերը խարխլելու վտանգի տակ են Հարաւային Կովկասի մէջ։ Արցախի ցեղային զտումէն ետք, Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի կռուանները թուլցած են։ Ընդդիմութիւնը, ուժասպառ է, Արցախի գաղթական կառավարութիւնը եւ Արցախահայութիւնը որոնց վրայ պահ մը յոյս դրած էր ռուսական իշխանութիւնը, որ ժողովրդային դժգոհութիւն պէտք է յառաջացնէին ու պահանջէին կառավարութեան հրաժարականը՝ Արցախի պաշտպանութիւնը ստանձնած չըլլալու մեղադրանքով, չարդարացուցին այդ յոյսը։ Ընդհակառակը, Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդն է, որ սարսափելիօրէն թշնամութեամբ լեցուած են Ռուսերուն հանդէպ, անոնց ցուցաբերած անգործութեան եւ Ազերիներուն հետ մեղսակցութեան պատճառով։
Ազերպայճանի եւ Ռուսաստանի ռազմավարական ու տնտեսական շահերը հետզհետէ նոյնականանալու վրայ են։ Ռուսաստան Ազերպայճանէն կախեալ է իր քարիւղն ու կազը արտածելու համար Եւրոպա։ Ազերպայճանի ճանապարհային ցանցը կը գործածէ Իրանի հետ կապ հաստատելու համար։ Իսկ Ազերպայճան նոյնքան պէտք ունի Ռուսաստանի կազին ու քարիւղին՝ տնտեսական գետնի վրայ, սակայն աւելին՝ վերջինիս պէտք ունի Արցախի ցեղային զտումին հարցով մինակ չմնալու համար Եւրոպական Միութեան եւ ԱՄՆ-ու դիմաց։ Թէեւ ունի նաեւ Թուրքիոյ նեցուկը, սակայն այս շրջանին Թուրքիա աւելի մեղմ դիրքորոշում բռնած է ԱՄՆ-ու եւ Եւրոպայի հանդէպ, որովհետեւ ամերիկեան F-16 ռազմական օդանաւեր գնելու գործընթացի մէջ է եւ բնաւ չի համարձակիր ԱՄՆ-ու ղեկավարութեան հակառակ քաղաքական քայլ մը առնելու։ Թրքական կառավարութեան այդ զուսպ դիրքը զգալի էր նաեւ Անթալիոյ դիւանագիտական համաժողովին, որմէ ետք նոյնիսկ Հայաստանի հետ, մէկ ու կէս տարուան ընդմիջումէ ետք, բանակցութիւնները վերսկսելու որոշում կայացուց։
Ներքին Հանդի ազերական յարձակումին հայկական բանակի 4 զոհերը ցոյց տուին որ Սիւնիք տեղակայուած ռուսական զօրքը ոչ միայն չէ կրցած առաջքը առնել ազերական յարձակումին, այլ թերեւս ալ հրահրած է։ Այդ դէպքէն ետք, իշխանութեան դիրքերը շատ կոշտացան Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի ռազմական ներկայութեան եւ անոր հետ ռազմական գործակցութեան նկատմամբ։ ՀԱՊԿ-ի մասին Փաշինեան յայտարարեց, որ գործակցութիւնը սառեցուած է, եթէ պէտք է նաեւ իրաւական քայլի կը դիմէ, այսինքն հեռանալու։ Խորհրդարանի նախագահը ակնարկեց Զուարթնոց օդակայանէն ռուս սահմանապահները հեռացնելու անհրաժեշտութեան մասին։ Եւ այս բոլորին զուգահեռ Վարչապետը այցելեց՝ Վրաստան, Գերմանիա, Ֆրանսա, Յունաստան, որմէ ետք Հայաստան այցելեցին Ֆրանսայի եւ Յունաստանի Պաշտպանութեան նախարարները, որոնք Հայաստանի հետ ռազմական գործակցութեան բանակցութիւններ վարեցին։
ԵԽԽՎ-ի մէջ, ազերական պատուիրակութեան մասնակցութեան առկախումը եւս մեծ ճնշում է Ազերպայճանի վրայ։ Վերջինս ստիպողաբար վերադարձաւ բանակցութեան սեղան Գերմանիոյ վարչապետ Շոլցի միջնորդութեամբ, որ շարունակուեցաւ երեք երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարներու երկօրեայ հանդիպումներով։ Այս լարուած պայմաններու մէջ է որ Լաւրով զգուշացուց Հայաստանը ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու հետեւանքներուն մասին։ Եւ իրապէս ալ Հայաստանի համար Ռուսաստան կը մնայ թիւ մէկ առեւտրական գործընկերը եւ ուժանիւթի գլխաւոր մատակարարը։ Ռուսաստան այդպիսի սպառնալիքի տակ դնելով Հայաստանը, ներկայ դրութեան մէջ կ՚արտայայտէ իրեն համար եւս Հայաստանի աշխարհաքաղաքական կարեւորութիւնը, չկլանուելու համար թուրքեւազերական դաշնակցութենէն։
Ժ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։