Ս. Փեթերսպուրկի միջազգային տնտեսական 25-րդ համաժողովի շրջանակին մէջ, Յունիս 20-ին տեղի ունեցած է տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցերու եռակողմ աշխատանքային խումբի համանախագահներուն հանդիպումը։ Լուրը հաստատած են ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակէն։
Նշենք, թէ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցերու աշխատանքային խումբի ղեկավարներ՝ Ալեքսեյ Օվերչուքի, Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուսթաֆաեւի համանախագահութեամբ եռակողմ հանդիպման մասին հաղորդուած էր նաեւ Ռուսաստանի եւ Հայաստանի վարչապետերու տեսակցութեան առիթով հրապարակուած՝ Ռուսաստանի կառավարութեան մամլոյ ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ։
Աշխատանքային խումբին նախորդ հանդիպումը տեղի ունեցած էր Յունիս 4-ին։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։