Ապրիլ 26-ին, Աղդամի մէջ, 44-օրեայ պատերազմի հրադադարի վերահսկողութեան ռուս-թուրք միացեալ կեդրոնի փակման արարողութեան ընթացքին ռուս հրամանատար գեներալ-գնդապետ Սերկէյ Իսթրաքով շնորհաւորեց ռուս-թուրք-ազերի երրորդութեան կատարած համատեղ աշխատանքը, նշելով՝ «Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարի եւ գլխաւոր շտաբի պետի անունով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ երեք երկիրներու զինուորականներուն, որոնք յաջողութեամբ կատարեցին իրենց պարտականութիւնը՝ Հարաւային Կովկասի մէջ, յանուն խաղաղութեան։ Յոյսով եմ, որ մենք կը շարունակենք յաջողութեամբ զարգացնել միջպետական յարաբերութիւնները»։ Ան աւելցուցած է նաեւ որ Ազերպէյճան-Ռուսաստան յարաբերութիւնները կը զարգանան բարեկամութեան եւ բարիդրացիութեան ճանապարհով, կ՚իրականացուին մեծ տնտեսական ծրագրեր տարբեր ոլորտներու մէջ։ Ոչ մէկ ակնարկ Արցախի շրջափակման, ցեղային մաքրագործման…
Ռուսական խաղաղապահ զօրագունդին Արցախէն մեկնումի արարողութեան ընթացքին ռուս հրամանատարին յայտարարութիւնը ցոյց կու տայ Ալիեւի ամբողջական յաղթանակը Արցախի մէջ։ Միաժամանակ, ան կ՚ամրագրէ նաեւ Արեւմտեան երկիրներու ռուսական զօրքերը հարաւային Կովկասէն հեռացնելու ռազմավարութեան յաջողութիւնը, որուն գինը վճարեց հայութիւնը, Արցախի կորուստով եւ արցախահայութեան հայրենազրկումով։
Մինչ այդ, Հայաստան – Ազերպայճան սահմանազատումը ընթացք առաւ, ճիշդ է՝ ազերպայճանական սպառնալիքի տակ։ Արդէն 10-12 քմ. երկարութեամբ սահմանազատում կատարուած է Հայաստանի հիւսիս-արեւելքը՝ Տաւուշի եւ Ղազախի շրջաններուն մէջ, խորհրդարանական եւ ոչ-խորհրդարանական կարգ մը կուսակցութիւններու եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ընդդիմութեան պայմաններուն տակ։ Վարչապետը արդէն ամիսէ մը ի վեր կը նախապատրաստէր հողը Տաւուշի շրջանի չորս գիւղերու՝ Բաղանիսի, Բերքաբերի, Ոսկեպարի, Կիրանցի բնակչութեան հետ տեսակցնելով, համոզելու զայն, որ սահմանազատումը այլընտրանք չունի։
Մինչեւ հիմա ոչ մէկ արտաքին ուժ կրցած է կասեցնել ազերական սահմանային յարձակում մը։ Ինչպէս որ ոչ մէկ գերտէրութիւն յաջողած է կասեցնել Արցախի շրջափակումը, ցեղային մաքրագործումը, 120.000 հոգիի տարա-
գրումը իրենց պապենական հողերէն։ Եւ 2020-էն մինչեւ այսօր ոչ մէկ երկիր, միջազգային կառոյց, ուժ կամ դատարան կրցաւ Ալիեւին պարտադրել, որ ռազմագերիները յանձնէ եւ դադրեցնէ ուժի կիրարկման իր մարտավարութիւնը։
Ուրեմն, Հայաստան այլընտրանք չունի, քան կառչիլ միջազգային օրէնքին, 1991-ին Ալմաթիի հռչակագիրի հիման վրայ Հայաստանի անկախացումը հաստատող ու անոր վարչական սահմանները հաստատող փաստաթուղթին, յուսալով որ գերտէրութիւնները Ալիեւին կը պարտադրեն այդ հռչակագիրէն բխող պարտաւորութիւններուն գործադրումը, միաժամանակ քաջ գիտակցելով որ Ռուսաստան-Ազերպայճան ռազմավարական դաշինք կնքած են եւ այդ երկու երկիրները միշտ պիտի փորձեն սահմանային լարումներ գրգռել, պատերազմ հրահրել, Հայաստանի իշխանութիւնը թուլցնելով՝ զայն իրենց ենթակայ դարձնելու համար։
Արեւմուտքը, յատկապէս ԱՄՆ, Եւրոպա, Գերմանիա, Ֆրանսա… հետեւողական ճնշումներ կը բանեցնեն Ազերպայճանի վրայ, որ ան շարունակէ սահմանազատման գործընթացը։ Պաքու կը թաքցնէ իր մտադրութիւնը։ Կը ջանայ խուսափիլ Ալմաթիի հռչակագիրի հիման վրայ սահմանազատումի գործընթաց սկսելէ, խուսափելով Արեւ
մըտեան պետութիւններուն նկատմամբ իր յանձնառութենէն։ Ասոր լաւագոյն փաստը Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Պայրամովի այն յայտարարութիւնն է, թէ՝ «Երեւանի հետ փոխադարձ ընդունելի արդիւնքներու հասնելու համար լաւագոյն ճամբան երկկողմանի բանակցութիւններն են»։
Այս լարուած իրավիճակը մղած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը արագացնելու սահմանազատման գործընթացը, Արեւմտեան պետութիւններու նեցուկով։ Այս առթիւ Հանրային հեռատեսիլէն յայտարարած է. «Ադրբեջանի պարագայում, մեզ բոլորիս յայտնի հանգամանքների պայմաններում, պէտք է հնարաւորինս արագ իրականացնել սահմանազատման գործընթացը։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ քանի սահմանազատուած չէ, հասկանալի է, որ հակամարտութեան որոշակի առիթ կարող է դառնալ եւ այս է պատճառը, որ մենք սկսում ենք առաւել մեծ հակամարտութեան վտանգ ներկայացնող տեղերից, որպէսզի իրադրութիւնը պահենք առաւելագոյնս կառավարելի»։
Ժ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։