ԱՄՆ-ու Միջազգային զարգացման գործակալութեան (ՄԶԳ) ղեկավար Սամանթա Փաուըր, որ այս օրերուն Հայաստան կ՚այցելէ, Երեւանի մէջ ժենգեալով հաց պատրաստած է արցախցի կիներու հետ: Ան այցելած է Արցախէն Հայաստան փոխադրուած «Թեյսթ աֆ Արցախ» ուտեստեղէնի կեդրոնը, որ աջակցութիւն ստացած է ԱՄՆ-ու ՄԶԳ-էն:
Արցախցի կիները անոր բացատրած են ժենգեալով հացի պատրաստութեան ձեւը, թէ միջուկը կը պատրաստուի 13 տեսակի բանջարեղէնէ, ապա Փաուըր անոնց հետ միասին պատրաստած է արցախեան աւանդական հացը: Այնուհետեւ ամերիկացի դիւանագէտը հանդիպում ունեցած ու զրուցած է Արցախէն տեղահանուածներուն հետ:
Նշենք, թէ «Թեյսթ աֆ Արցախ»-ը ստեղծուած է 2020-ի 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ: Շուրջ 3 տարի է, որ փոխադրուած են Երեւան: Այս պահուն ընկերութեան աւելի քան 10 աշխատակիցներու մեծ մասը Արցախէն տեղահանուածներ են:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։