Ձախէն՝ Քրիսթինա Քվին, Պարոյր Յովհաննիսեան եւ Սամանթա Փաուըր
Յուլիս 8-ին, ԱՄՆ-ու Միջազգային զարգացման գործակալութեան ղեկավար Սամանթա Փաուըր ժամանած է Երեւան:
«Զուարթնոց» օդակայանին մէջ դիւանագէտը դիմաւորած են Արտաքին գործոց փոխնախարար Պարոյր Յովհաննիսեան եւ ԱՄՆ-ու դեսպան Քրիսթինա Քվին։
Գործակալութեան հայաստանեան առաքելութեան գրասենեակէն հաղորդած են, թէ տիկին Փաուըր հանդիպումներ պիտի ունենայ պետական պաշտօնատարներու, հասարակական կազմակերպութիւններու, լրասփիւռներու եւ գործարար բնագաւառի ներկայացուցիչներու հետ։
«Միացեալ Նահանգներ կը վերահաստատէ իր աջակցութիւնը Հայաստանի ժողովրդավարութեան, տնտեսութեան կայունութեան, ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան»,– նշուած է Առաքելութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։