Search
Close this search box.

Սամուէլ Շահրամանեան. «Ամէն ինչ մեզմէ կախեալ չէ, բայց պիտի փորձենք լուծում գտնել ձեր խնդիրներուն»

Հոկտեմբեր 20-ին, խումբ մը Արցախցիներ համախմբուելով Երեւանի մէջ Արցախի ներկայացուցչութեան դիմաց բողոքի ցոյց կատարած են՝ Արցախի պետական հիմնարկներու աշխատակիցներուն ամսականները դադրեցնելու որոշումին դէմ։ Անոնք հանդիպում պահանջած են Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի հետ՝ զիրենք յուզող հարցերուն պատասխանը ստանալու համար։ Ցոյցի ընթացքին, քաղաքացիներու միջեւ քաշքշուք եւ ծեծկռտուք տեղի ունեցած է, չորս հոգի ալ ձերբակալուած ու ոստիկանատուն փոխադրուած է։

Նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան շէնքէն դուրս ելած եւ քաղաքացիներուն բացատրութիւններ տուած է։ 

“Ամէն ինչ մեզմէ կախեալ չէ, բայց պիտի փորձենք լուծում գտնել ձեր խնդիրներուն։ Պէտք է սթափ եւ զգօն ըլլալ ու գրգռութիւններու տեղի չտալ, մենք իրաւունք չունինք նման գործելաոճ դրսեւորելու։ Ամէն ինչ պէտք է ընենք, որ վտանգի չ՚ենթարկենք Հայաստանի ու Արցախի հետագայ ճակատագիրը։ Այս պահուն մեզ պէտք է մի՛այն միասնութիւն: Ես կեցած եմ ձեր կողքին ձեր օրինական պահանջներուն համար, բայց անօրինականի մէջ չեմ կրնար ներգրաւուիլ”,– յորդորած է Շահրամանեան։

Արցախցիներէն մէկը նախագահին հարցուցած է թէ ինչո՞ւ Արցախի Ազգային ժողովը նիստ չի գումարեր՝ Հանրապետութեան լուծարման որոշումը բեկանելու հարցով։

“Ծանօ՞թ էք այդ փաստաթուղթին, այդ փաստաթուղթի հետ կապուած բազմաթիւ հարցեր կան, որ ես հիմա այստեղ չեմ կրնար ըսել, բայց ես ձեզ կը վստահեցնեմ՝ մենք տեղեակ ենք այդ փաստաթուղթի դրական եւ բացասական կողմերուն։

Ո՛չ մէկ փաստաթուղթով կարելի է լուծարել ժողովուրդին կողմէ ստեղծուած Հանրապետութիւնը, ես Հ1-էն պիտի տամ ասոր պատասխանը։ Յառաջիկային պիտի անդրադառնամ այս բոլոր հարցերուն։ Եթէ մենք իմանայինք, որ կրնայինք յաղթել, մինչեւ վերջ կ՚երթայինք, մենք խնայեցինք մեր տղոց, քաղաքացիներու կեանքը։ Եթէ մէկ ժամ ալ շարունակուէր պատերազմը, անոնք կը մտնէին Ստեփանակերտ”,– յայտնած է Շահրամանեան։