Search
Close this search box.

Սեպասթիէն Լըքոռնիւ. «Ֆրանսա Հայաստանին պիտի վաճառէ պաշտպանական զէնքեր»

Ծերակոյտի յանձնաժողովին մէջ վերջերս կայացած 2024-ի ամավարկի քննարկման ընթացքին, Պաշտպանութեան նախարար Սեպասթիէն Լըքոռնիւ յայտարարած է, թէ Ֆրանսա Հայաստանին պիտի վաճառէ պաշտպանական զէնքեր։

Ան չէ ըսած, թէ ի՞նչ զէնքեր պիտի մատակարարուին, քանի որ այդ հարցը տակաւին պէտք է յստակացուի Երեւանի հետ, ըստ երեւոյթին՝ քանի մը օրէն։ Յամենայն դէպս, նախարարը նշած է, թէ պաշտպանութեան սպառազինութիւն պիտի ըլլայ, որ պիտի օգնէ Հայաստանին պաշտպանելու կեանքեր եւ ապահովելու երկրին անվտանգութիւնը։

Նախարարը յիշեցուցած է, թէ արդէն Հայաստանի մէջ կը գործէ Ֆրանսայի մնայուն պաշտպանական առաքելութիւնը։ Ռազմական կցորդը, ըստ Լըքոռնիւի, փորձառու գնդապետ մըն է եւ կարեւոր աշխատանք կը տանի։ ■