Search
Close this search box.

ՍԷՆ-ՏԸՆԻ – Հոգեհանգիստ՝ Լեւոն Ե. թագաւորի յիշատակին

Կիրակի, Դեկտեմբեր 1-ին, փարիզեան մերձակայ արուարձաններէն Սէն-Տընիի նոյնանուն նշանաւոր տաճարին մէջ, հայ կաթոլիկական ծէսով հոգեհանգստեան պատարագ մատուցուեցաւ՝ որպէս յարգանքի տուրք Լեւոն Ե. Լուսինեան թագաւորին՝ Հայաստանի (Կիլիկիոյ թագաւորութեան) վերջին արքային, որու դամբանը (զուրկ՝ անոր աճիւնէն) կը գտնուի տաճարի՝ թագաւորներու դամբարանին մէջ։

Այս հոգեւոր արարողութեան,– որու նախաձեռնողն էր Հայաստանի, Կիպրոսի եւ Երուսաղէմի թագաւոր Լեւոն Ե.ի շառաւիղ՝ Ֆիլիփ Ռու տը Լուսինեան,– ներկայ էին Ֆրանսայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպիսկ. խաչատրեան, Ֆրանսայի հայ կաթոլիկներու առաջնորդ Եղիա եպիսկ. Եղիայեան, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ Ժիլպէր Լեւոնեան, Սէն-Տընիի տաճարի հովիւ՝ հայր Ժան-Քրիսթոֆ Հելպէք, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան ներկայացուցիչ Սերգեյ Ոսկանեան, Ֆիլիփ Ռու տը Լուսինեանի ընտանիքը, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ այլ անձնաւորութիւններ։

Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց ֆրանքեւհայկական երգչախումբը, որ կազմուած էր հայ կաթոլիկներու Սուրբ Խաչ մայր տաճարի, «Սիփան-Կոմիտաս» եւ ֆրանսական «Օրաթորիօ» երգչախումբերու անդամներէ։

Պատարագի աւարտին՝ պատարագիչները եւ ժողովուրդը ուղղուեցան դէպի թագաւորներու դամբարան, բոլորուեցան Հայոց վերջին թագաւորի դամբանին շուրջ ու աղօթեցին անոր յիշատակին։