Հոկտեմբեր 12-ին, Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) որդեգրած է «Մարդասիրական իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ» բանաձեւը եւ հոն կատարուած հաստատումներու լոյսին տակ՝ համանուն յանձնարարականը (յղուած՝ Ազերպայճանին, իր Ընդհ. քարտուղարին եւ Նախարարաց յանձնախումբին)։ Լուրը կը հաղորդէ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատուիրակութեան ղեկավար Ռուբէն Ռուբինեան, Դիմագիրքի իր էջի գրառումով։
Ռուբէն Ռուբինեան ԵԽԽՎ-ի նիստին
Բանաձեւը կը դատապարտէ 2023 Սեպտեմբեր 19-ին Արցախի դէմ Ազերպայճանի ռազմական գործողութիւնները՝ շեշտելով, որ Արցախի գրեթէ ամբողջ բնակչութիւնը լքած է իր հայրենիքը՝ ֆիզիքական ոչնչացման վտանգի եւ Ազերպայճանի կառավարութեան երկարամեայ հայատեաց քաղաքականութեան պատճառով։ Բանաձեւին մէջ հաստատուած է, որ առկայ են ցեղային զտման իրականացման հիմնաւոր կասկածներ։
Բանաձեւը որդեգրած Վեհաժողովը կոչ կ՚ուղղէ Նախարարաց յանձնախումբին ձեռնարկելու Ազերպայճանի նկատմամբ դիտարկման գործընթաց՝ հիմք ընդունելով Եւրոպայի խորհուրդի անդամ երկիրներու՝ ստանձնուած յանձնառութիւնները կատարելու վերաբերեալ 1994-ի հռչակագիրը:
Կոչ կ՚ուղղուի Նախարարաց յանձնախումբին եւ Խորհրդարանական վեհաժողովին միջեւ յաւելեալ ընթացակարգ սկսելու՝ իբրեւ պատասխան Ազերպայճանի կողմէ կանոնադրական պարտաւորութիւններու լուրջ խախտումներուն:
Կը շեշտուի, որ եթէ Ազերպայճան իր պարտաւորութիւնները չկատարէ, այլ ընտրութիւն չի մնար, բացի 2024-ին ԵԽԽՎ-ի առաջին նստաշրջանին վիճարկելէ այդ երկրին պատուիրակութեան մասնակցութեան առնուազն առժամեայ առկախումը։
Բանաձեւը կ՚անդրադառնայ վերջին երկու շաբաթներուն աւելի քան 100.600 Հայերու Արցախը լքելու փաստին, արձանագրելով ատոր պատճառները՝ 2023 Սեպտեմբեր 19-ին Ազերպայճանի կողմէ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւնները եւ անոնց նախորդած՝ Բերձորի միջանցքի փակման հետեւանքով ստեղծուած ճգնաժամը։
Բանաձեւը կը նշէ, որ Արցախի բնակչութեան ողբերգական արտագաղթը պէտք չէ ընդունուի իբրեւ նոր իրականութիւն։ Որպէս Եւրոպայի խորուհրդի անդամ երկիր՝ Ազերպայճան պէտք է հաւատարիմ մնայ կազմակերպութեան հիմնական արժէքներուն եւ պատրաստակամ՝ միջազգայնօրէն ստանձնած իր պարտաւորութիւններուն:
Բանաձեւը յղում կ՚ընէ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանի 2023 Սեպտեմբեր 22-ին ընդունած որոշումին` Ազերպայճանի նկատմամբ միջանկեալ միջոցներու կիրարկման վերաբերեալ, եւ կոչ կ՚ընէ Ազերպայճանին անյապաղ կատարելու զանոնք:
Բանաձեւը հասցէական կոչ կ՚ընէ Ազերպայճանին ձեռնարկելու անյապաղ գործողութիւններ՝ Արցախի հայ բնակչության վերադարձը ապահովելու, անոր իրաւունքները պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ՝ ստանձնելու տարածաշրջանի հայկական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը, ազատ արձակելու Արցախի բոլոր բանտարկուած ներկայացուցիչները, Պաքուի մէջ պահուող բոլոր հայ ռազմագերիները։
Բանաձեւը կ՚անդրադառնայ Արցախի Հայերու իրենց հայրենիքէն բռնի տեղահանութեան պատճառով յառաջացած մարդասիրական ծանր կացութեան եւ կ՚ընդգծէ Հայաստանին աջակցելու անհրաժեշտութիւնը:
Բանաձեւը կոչ կ՚ուղղէ Ազերպայճանին ամէն ինչ ընելու, ցոյց տալու համար դրացի Հայաստանի հետ խաղաղ ապրելու պատրաստակամութիւնը:
Վեհաժողովը կ՚ակնկալէ, որ թէ՛ Հայաստան, թէ՛ Ազերպայճան կը յարգեն մէկզմէկու հողային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը՝ հիմք ընդունելով 1991-ի Ալմաթիի հռչակագիրը:
Բանաձեւը կոչ կ՚ուղղէ բանալու տարածաշրջանային կապուղիները` երկիրներու ինքնիշխանութեան, հողային ամբողջականութեան հիման վրայ եւ ազգային իրաւասութեան շրջանակին մէջ:
Այս համածիրին մէջ բանաձեւը կ՚ընդգծէ, որ Նախիջեւանի հետ հնարաւոր կապը չի կրնար գործարկուիլ ի հեճուկս Հայաստանի կամքին եւ ի վնաս Հայաստանի ազգային շահերուն:
Վեհաժողովը կ՚ակնկալէ Ազերպայճանի իշխանութիւններուն համաձայնութիւնը՝ կազմակերպելու միջազգային կառոյցներու բարձր մակարդակի փաստահաւաք այցեր։ Դիտել կը տրուի, որ բացի Եւրոպայի խորհուրդի համապատասխան հաստատութիւններու եւ մարմիններու տարածաշրջան մուտք գործելու հրատապ անհրաժեշտութենէն, Ազերպայճանի իշխանութիւնները պէտք է կանոնաւոր կերպով Եւրոպայի խորհուրդի ընդհ. քարտուղարին եւ Նախարարաց յանձնախումբին տրամադրեն ամբողջական եւ մանրամասն տեղեկութիւն՝ ձեռնարկուած կամ նախաձեռնուելիք միջոցառումներուն վերաբերեալ, որոնք ուղղուած են տարածաշրջանի Հայերու իրաւունքներու, ազատութիւններու պաշտպանութեան եւ ընդլայնման, եւ վերադառնալ փափաքողներու ապահովութեան, ինչպէս նախատեսուած է Եւրոպայի խորհուրդի համաձայնագրով։
Խորհրդարանական վեհաժողովի որդեգրած յանձնարարականը, ի միջի այլոց, Նախարարաց յանձնախումբը կը հրաւիրէ հրատապ միջոցներու ձեռնարկելու՝ հասցէագրելու Արցախի գրեթէ ամբողջ հայ բնակչութեան արտագաղթը, անոնց վրայ ազդող մարդասիրական ու մարդկային իրաւանց ճգնաժամը։
Վեհաժողովը կը պահանջէ, որ ընդհանուր քարտուղարը և Նախարարաց յանձնախումբը կարելիին չափ արագ կազմակերպեն Եւրոպայի խորհուրդի փաստահաւաք այցելութիւնը՝ տեղւոյն վրայ գնահատելու ձեռնարկուելիք միջոցները՝ տեղացի Հայերուն իրաւունքները պաշտպանելու, ներառեալ՝ երկրէն դուրս ապաստան գտածներու անվտանգ վերադարձը ապահովելու համար:
Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս առթիւ հրապարակած հաղորդագրութեամբ՝ խստօրէն դատապարտած է բանաձեւը.
«Այս կառոյցը (ԵԽԽՎ – «ՆՅ») անգամ մը եւս չի յաջողիր անաչառ մօտեցում ցուցաբերել Ազերպայճանի նկատմամբ։ ԵԽԽՎ-ն կը շարունակէ անհիմն խօսքերու եւ մեր տարածաշրջանի որոշ երկիրներու նենգ քաղաքականութեան վրայ հիմնուելով՝ Ազերպայճանը նսեմացնող մօտեցում ցուցաբերելու։
ԵԽԽՎ-ի անհիմն պնդումները Լաչինի ճանապարհով վերջին տասը ամիսներու ընթացքին տեղաշարժի մասին եւ Արդարադատութեան միջազգային ատեանի համապատասխան որոշումներու սխալ մեկնաբանութիւնը,– միաժամանակ անտեսելով անոր 2023 Յուլիս 6-ի որոշումը, որ միաձայնութեամբ մերժած էր Լաչինի շարջափակման վերաբերեալ Հայաստանի դիմումները,– անընդունելի է: Աւելին, շուրջ 4000 անհետացած Ազերպայճանցիներու ճակատագրին վրայ լոյս չսփռելը, ականներու սպառնալիքը, որ 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ զոհերու թիւը հասցուց 333-ի, եւ անցեալին բռնագրաւուած ազերպայճանական տարածքներուն մէջ արձանագրուած աւերածութիւններու չափը խորապէս մտահոգիչ են։
ԵԽԽՎ-ն, պաշտպանելով Հայերու իրաւունքները գոյութիւն չունեցող սպառնալիքներէ, կ՚անտեսէ Հայաստանէն վտարուած Ազերպայճանցիներու իրաւունքներու վերականգնման եւ արժանապատիւ վերադարձի կոչերը։
ԵԽԽՎ-ն պէտք է դադարեցնէ Ազերպայճանի դէմ ուղղուած անհիմն եւ կանխակալ քայլերը, որոնք կը խաթարեն Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեգ խաղաղութեան հեռանկարները։
Միեւնոյն ատեն, Եւրոպայի խորհուրդի գործիքակազմերը Ազերպայճանի դէմ գործածելու անհեռատես փորձերը լիովին ապարդիւն են եւ չեն կրնար խաթարել տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ապահովման եւ Ազերպայճանի Ղարաբաղի տարածաշրջանի հայ բնակիչներու վերահամարկման ծրագրերը յառաջ մղելու մեր վճռակամութիւնը»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։