Եւրոպական խորհրդարանի Մարտ 13-ի նիստին գրեթէ բացարձակ մեծամասնութեամբ՝ 504 թեր, 4 դէմ, 32 ձեռնպահ ձայներու համեմատութեամբ ընդունուած է բանաձեւ մը, որ կ՚առաջարկէ աւելի սերտացնել Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) միջեւ կապերը, ընդգծելով Հայաստանի ու Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրին անհրաժեշտութիւնը։
Եւրոպական Ժողովրդական կուսակցութեան խմբակցութեան հեղինակած բանաձեւը բոլոր խմբակցութիւններու միասնական նախաձեռնութիւնն է։
Բանաձեւին մէջ նշուած է, որ Եւրոպական խորհրդարանի անդամ երեսփոխանները կ՚առաջարկեն ուսումնասիրել ԵՄ-ին Հայաստանի անդամակցութեան թեկնածութեան կարելիութիւնը, ինչպէս նաեւ կ՚ընդգծեն, թէ հասած է պահը՝ Հայաստանի հետ սկսելու անցագրի (վիզայի) պարտաւորութեան ջնջումի շուրջ երկխօսութիւնը։
«Եթէ Հայաստան շահագրգռուած ըլլայ թեկնածուի կարգավիճակ ստանալով եւ շարունակէ իր ժողովրդավարութիւնը ամրապնդող կայուն բարեփոխումներու ուղին՝ այդ կրնայ ԵՄ-Հայաստան յարաբերութիւններու փոխակերպման փուլին համար հիմք հանդիսանալ»,– նշուած է բանաձեւին մէջ։
Փաստաթուղթին մէջ կ՚ընդգծուի, որ ԵՄ-Հայաստան յարաբերութիւնները հիմնուած են ընդհանուր արժէքներու վրայ, ինչպէս՝ ժողովրդավարութիւնը, օրէնքի գերակայութիւնը, մարդկային իրաւունքներն ու ազատութիւնները։
Ընդունուած բանաձեւը կ՚անդրադառնայ նաեւ Արցախի մէջ 2023 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն։
«2023 Սեպտեմբեր 19-ին՝ Լաչինի միջանցքի իննամսեայ անօրինական շրջափակումէն ետք, անտեսելով 2020 Նոյեմբերի հրադադարի մէջ ներառուած իր պարտաւորութիւնները, համաձայնագիրը եւ Արդարադատութեան միջազգային ատեանի որոշումը՝ Ազերպայճան յարձակում գործեց Լեռնային Ղարաբաղի մնացեալ տարածքներուն վրայ, որոնք տակաւին իր վերահսկողութեան տակ չէին. աւելի քան 100․000 հայ ստիպուեցաւ լքել տարածքը, որու հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղը գրեթէ ամբողջութեամբ պարպուեցաւ իր հայ բնակչութենէն, որ հոն կ՚ապրէր դարերէ ի վեր»,– շեշտուած է բանաձեւին մէջ:
Փաստաթուղթը կ՚անդրադառնայ Արցախի հայկական մշակութային, կրօնական եւ պատմական ժառանգութեան պահպանման կարեւորութեան ալ եւ լուրջ մտահոգութիւն կը յայտնէ այդ յուշարձաններու ոչնչացման եւ պղծման առնչութեամբ, Ազերպայճանին կոչ յղելով պահպանելու մշակութային այդ հարստութիւնը, իսկ ԻՒՆԷՍՔՕ-ին՝ անյապաղ միջոցներու ձեռնարկելու Արցախի մէջ վտանգի տակ գտնուող հայկական մշակութային ժառանգութիւնը պաշտպանելու համար։
Բանաձեւը կ՚ակնարկէ նաեւ ԵՄ-ի որոշ պաշտօնատարներու եւ կառոյցներու յայտարարութիւններուն, որոնք շնորհաւորեցին նախագահ Ալիեւի վերընտրութիւնը՝ առանց յիշատակելու Ազերպայճանի մէջ ժողովրդավարութեան բացակայութիւնը, մա՛նաւանդ, որ այդ երկիրը պատասխանատու է Արցախահայութեան ցեղային զտման համար։ Բանաձեւը կ՚անդրադառնայ նաեւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ ուղղուած՝ Ազերպայճանի ղեկավարութեան շարունակական սպառնալիքներուն, նշելով. «Ազերպայճանի բանակը կը շարունակէ գրաւուած պահել Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի մօտաւորապէս 170 քմ. քառակուսին»։
Ընդունուած բանաձեւին մէջ երեսփոխանները կոչ կ՚ընեն ԵՄ-ի գործադիր մարմիններուն, Յանձնաժողովին եւ Խորհուրդին աջակցելու Հայաստանին՝ Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան ընդլայնման համար, որ կը ներառէ ոչ միայն տնտեսական գործընկերութեան, այլեւ քաղաքական երկխօսութեան, անվտանգութեան եւ այլ երկիրներու հետ յարաբերութիւններու բնագաւառները։
Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Այհան Հաճիզատէ քննադատած է սոյն բանաձեւի որդեգրումը, զայն որակելով «երկակի չափանիշերու վառ օրինակ մը»։
«Եւրոպական խորհրդարանին մէջ, Հայաստանի եւ հայկական քարոզչութեան ազդեցութեան տակ գտնուող շարք մը շրջանակներու կողմէ առաջարկուած սոյն բանաձեւը, հակառակ անոր որ ներկայացուած է իբրեւ «խաղաղութեան խթանում» եւ, իբրեւ թէ նուիրուած՝ Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի յարաբերութիւններուն, սակայն ան կը համարուի Ազերպայճանի դէմ արշաւի կարեւոր մէկ մասնիկը, ուր բոլոր փաստերը կեղծուած են»,– յայտարարած է Հաճիզատէ։
Դիմելով Եւրոպական խորհրդարանին՝ ան ըսած է. «Նշուած արժէքներու հետ որեւէ առնչութիւն չունեցող նման բանաձեւերը ամբողջովին զերոյի կը հաւասարեցնեն Եւրոպական խորհրդարանի՝ իբրեւ առանձին կառոյց, դերակատարութիւնը»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։