Սեպտեմբեր 20-ին, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ կայացած է Արտաքին գործոց յանձնաժողովին կողմէ կազմակերպուած քննարկումը՝ Արցախի դէմ Ազերպայճանի ռազմական գործողութիւններուն առնչութեամբ։
Նիստի ընթացքին գերմանացի երեսփոխան Լարս Փաթրիք Պերկ իր ելոյթին յայտարարած է, թէ Ժամանակն է, որ Եւրոպական Մութիւնը վերատեսութեան ենթարկէ Ազերպայճանի հետ յարաբերութիւնները եւ այդ երկիրը պատիժներու ենթարկուի:
“Ազերպայճանի համար, իրապէս, հետեւանքներու ժամանակն է, եւ դատապարտումը բաւարար չէ: Ժամանակն է, որ Եւրոպական Միութիւնը վերանայի Ազերպայճանի հետ յարաբերութիւնները: Ի հակադրութիւն Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահի կարծիքին՝ Ազերպայճան ակնյայտօրէն վստահելի գործընկեր չէ: Անշուշտ ժամանակն է, որ Ազերպայճան պատիժներու ենթարկուի, ու Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին աջակցելու համար անհրաժեշտ միջոցներու ձեռնարկէ: Ազերպայճանական վարչակազմը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կը փորձէր սովամահ ընել ժողովուրդը, իսկ այժմ ան կը ռմբակոծէ խաղաղ բնակչութիւնը՝ իբրեւ իր ցեղային զտման քաղաքականութեան մէկ մասը: Բա՛ւ է այլեւս”,– շեշտած է երեսփոխանը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։