Search
Close this search box.

ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ – Ֆրանսուա-Զաւիէ Պելամի նեղը կը դնէ Թիերի Մարիանին, «Մեծ վիճարկում»-ի ընթացքին

Յունիս 9-ի Եւրոպական ընտրութիւններուն ընդառաջ, Եւրոպական խորհրդարանի յարկին տակ (Սթրազպուրկ), հինգշաբթի, Մարտ 14-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ առաջին վիճարկումը («Մեծ վիճարկում»), որ ուղղակի հեռասփռուեցաւ « Public Sénat » ալիքէն։ Այս վիճարկումի ընթացքին, Ֆրանսուա-Զաւիէ Պելամի («Հանրապետականներ» – Եւրոպական խորհրդարանին մէջ՝ ԵԺԿ խումբի անդամ) պաշտպանեց Հայաստանի դատը, խիզախօրէն մարտահրաւէր յղելով Թիերի Մարիանիին (Ազգային համախմբում, նախկին Ազգային ճակատ), որ ծանօթ է Պաքուի վարչակազմին իր աջակցութեամբ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք Պելամիի մեկնաբանութիւններէն՝ Հայաստանի վերաբերող բաժինը.

“Հոս կ՚ուզէի մատնանշել կէտ մը. փաստ է, որ կայ Ուքրաինայի հարցը։ Բայց Եւրոպայի վրայ միայն այս ճակատով չէ, որ կը յարձակին. աշխարհաքաղաքական սպառնալիքը այսօր համընդհանուր է, եւ մենք կ՚ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր բռնապետերը կամ բռնապետական ուժերը կամ համաշխարհային մրցակից ուժերը կ՚ուզեն ցոյց տալ, որ բռնութիւնը կրնայ գերազանցել օրէնքը, եւ ես համոզուած եմ, որ սա մեր առջեւ դրուած մեծ հարց է: Եթէ ​​թոյլ տանք, որ այս ցուցադրութիւնը տեղի ունենայ՝ բոլորս ալ պիտի տուժենք… եւ բոլորս պիտի կորսնցնենք էականը։ Ես կ՚ափսոսամ, որ Ժորտան Պարտելլա («Ազգային համախմբում» կուսակցութեան նախագահ – «ՆՅ») հոս չէ, քանի որ ցաւալի կը գտնեմ վիճարկումէն խուսափիլը: Ամէն պարագայի, պարոն Մարիանի, ես ուրախ եմ, որ դուք հոս էք, քանի որ այդ ինծի կ՚ընձեռէ կարելիութիւնը ձեզի՝ դէմ առ դէմ, ինչպէս նաեւ մեզ ունկնդրող Ֆրանսացիներուն ըսելու իրականութիւնը, թէ ի՛նչ կ՚ընէ «Ազգային համախմբում»-ը այս Խորհրդարանին մէջ: Մենք խօսեցանք Ռուսաստանի մասին. պէտք է խօսինք նաեւ մէկ այլ հարցի մասին, որու շուրջ դուք եւ ես խոր տարակարծութիւններ ունեցած ենք, պարոն Մարիանի։ Սա Հայաստանի հարցն է, քանի որ դեռ այսօր իսկ «Ազգային համախմբում»-ը նախընտրեց ձեռնպահ մնալ, երբ Եւրոպական խորհրդարանը ճնշող մեծամասնութեամբ պահանջեց պարոն Ալիեւէն հրաժարիլ այդ տխրահռչակ «Աւարներու պուրակ»-էն, ուր ան կը ցուցադրէ մահերը, մահացածները:

Ես տարիներէ ի վեր կը պայքարիմ Հայաստանի համար եւ պայքարած եմ Հայաստանը պաշտպանելու համար, երբ այստեղ ներկաներէն ոչ ոք, կամ շատ քիչեր հետաքրքրուած էին այս հարցով. հոս ներկաներէն ոմանք տարին այդ աշխատանքը, քանի մը քաղաքական խմբակցութեան մէջ ոմանք պաշտպանեցին պատիւը Եւրոպայի, որ կը մերժէր դատապարտել պարոն Ալիեւի ըրածները, այլ խօսքով՝ ձեր բարեկամին ըրածները, քանի որ դուք դեռ կ՚աջակցիք պարոն Ալիեւին, որ այսօր կ՚ուզէ անհետացնել այս ժողովուրդը (Հայերը – «ՆՅ»), յարձակիլ անոր վրայ, որովհետեւ ան քրիստոնեայ ժողովուրդ է, որովհետեւ ան եւրոպացի է։ Մինչ այդ, ես կը տեսնեմ, որ Ֆրանսայի մէջ ոմանք կը պատրաստուին քուէարկել «Ազգային համախմբում»-ի ի նպաստ՝ յուսալով հոն գտնել քաղաքական թարմացում, գտնել՝ հայրենասիրական արժէքներ, գտնել՝ քաղաքակրթութեան պաշտպանութիւն։ Բայց ճշմարտութիւնը այն է, պարոն Մարիանի, որ դուք դաւաճանեցիք այդ մարդոց, համայն աշխարհի մէջ ձեր հաստատած բոլոր բարեկամութիւններով: Վերջին ընտրութիւններէն ի վեր մենք ենթարկուեցանք զանազան բնոյթի բոլոր միջոցներով (հիպրիտային) յարձակումներու մեր ժողովրդավարութիւններուն դէմ, մենք ապրեցանք, ինչպէս դուք իսկ յիշեցիք, Քաթարկեյթը: Ճշմարտութիւնը այն է, որ եթէ մենք կ՚ուզենք պաշտպանել մեր ժողովրդավարութիւնները, պարտաւոր ենք պայքարելու եղծանման, եղծանմա՛ն դէմ, պարոն Մարիանի։ Մենք պարտաւոր ենք պայքարելու եղծանման դէմ։ Ցաւօք, միակ պետութիւնը, որ այսօր դատապարտուած է Եւրոպական Միութեան մէջ եղծանման պատճառաւ, Ազերպայճանն է”։

Տեսանիւթի կապը՝

https://x.com/fxbellamy/status/1768349536387223574?s=46&t=eM5BEj6nxP2I8UI4sVY0Zg