Search
Close this search box.

ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ – Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը յետաձգած է Միւռոնօրհնէքը եւ Հոկտեմբեր 1-ը յայտարարած Արցախի համար համազգային աղօթքի օր

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, նախագահութեամբ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի, Սեպտեմբեր 22-ին տեղի ունեցած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի նիստ։

Մայր Աթոռէն կը հաղորդեն, թէ նկատի ունենալով Արցախի շուրջ ստեղծուած ծանր իրավիճակը՝ Խորհուրդը որոշում կայացուցած է յետաձգելու Միւռոնօրհնէքը եւ յարակից արարողութիւնները։

Որոշում կայացուած է նաեւ Հոկտեմբեր 1-ը հռչակել Արցախի համար համազգային աղօթքի օր։ Այդ առիթով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայաստանի ու Սփիւռքի  բոլոր եկեղեցիներուն մէջ յաւարտ պատարագի կը կատարուի աղօթքի յատուկ կարգ։