Search
Close this search box.

ՍՈՒՐԻԱ – Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդը մասնակցած է Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցած պատրիարքներու եւ քրիստոնեայ համայնքապետերու ժողովին

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 18-ին, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան Դամասկոսի մէջ մասնակցած է ՄԱԿ-ի Սուրիոյ բանագնաց՝ նորվեկիացի Կէյր Փետրշընի հետ գումարուած հանդիպումին, որուն ներկայ եղած են նաեւ Սուրիոյ քրիստոնեայ պատրիարքներ, համայնքապետեր, պապական դեսպանը եւ Բերիոյ Հայոց թեմի յարաբերական մարմինի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան։

Հանդիպումին խօսուած է Սուրիոյ ընդհանուր իրավիճակին, ապագային կայացուելիք որոշումներուն եւ հետագայ աշխատանքներուն շուրջ։ 

Փետրշըն Սուրիոյ ներկայ իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ իր հանդիպումներուն մասին զեկուցած է եւ յորդորած համբերատար ըլլալ, որովհետեւ երկրին մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւնները իրենց լրումին հասնելու համար ժամանակի կը կարօտին։

Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնած է ՄԱԿ-ի բանագնացին՝ իր կատարած պատասխանատու աշխատանքին համար եւ անոր հաղորդած Վեհափառ հայրապետին ողջոյնները։