Այս նկարը երեւցած է ընկերային ցանցերու վրայ` պատկերացնելու համար Սէյտնայայի տխրահռչակ բանտին ներքին կառոյցը։ Նկարին տակ գրուած է. «Մինչ կը ճեմէինք բաց երկնքին տակ` չէինք գիտեր թէ կը քալենք գետնափոր բանտախուցերու առաստաղին վրայէն»
Ասատի վարչակարգին տապալումէն օրեր ետք` կը թուի թէ սուրիացիք կը ջանան արագօրէն վերականգնել իրենց երկիրը ու ամոքել այն վէրքերը, որոնք մաշեցուցին զիրենք յա՛տկապէս անցնող 15 տարիներուն։
Առաջին գոհացուցիչ լուրը այն է, որ շուտով քայլեր առնուեցան անցումային փուլի առժամեայ կառավարութիւն մը կազմելու համար, որպէսզի երկիրը անգլուխ չմնայ։ Զինուորական գործողութեանց ղեկավարը` Կոլանի (բուն անունով` Ահմէտ Շարէհ), Երկուշաբթի օր առժամեայ վարչապետի պաշտօնին հրաւիրեց Մուհամմէտ ալ-Պէշիրը, որ մինչ այդ Իտլիպի նահանգին մէջ (Ասատի իշխանութենէն դուրս, ընդդիմադիրներու հսկողութեան տակ) «Փրկութեան կառավարութեան» պետն էր։ 41 տարեկան է, իսլամական թեքումով։ Ան արդէն հասած է Դամասկոս եւ յառաջիկայ օրերուն պիտի կազմէ ժամանակաւոր դահլիճ մը` երկրին գործերը կարգի դնելու համար։
Անցնող երեք օրերուն տեղական, արաբական ու միջազգային լրասփիւռներ երկարօրէն կանգ կ՚առնէին Դամասկոսի մերձակայ Սէյտնայայի տխրահռչակ բանտին վրայ, որ ծանօթ էր իբրեւ «մարդկային սպանդանոց» մը։ Ասատի վարչակարգին տանջարաններէն մին էր այս, իր գետնափոր խուցերով եւ անպատմելի խժդժութիւններու սարսափելի պատումներով, որոնք հիմա կը բացայայտուին մի առ մի, զանազան պատկերասփիւռներէ, մահապարտներու վկայութիւններով։ Բանտարկեալները ազատ արձակուեցան բոլորն ալ, ներում շնորհուեցաւ անոնց Սուրիոյ նոր իշխանութեան կողմէ։
Մինչ այդ, Իսրայէլ, առիթէն օգտուելով` կը ջանայ ամէն օր «պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալ», ինչպէս կ՚ըսէ առածը։ Արդարեւ, Կիրակի օր, երբ Ասատի վարչակարգը դեռ նոր տապալած էր, քանի մը իրերայաջորդ հրթիռակոծումներով իսրայէլեան օդուժը քարուքանդ ըրաւ Դամասկոսի զինուորական կարեւոր կեդրոններ…։ Յաջորդ օր, իսրայէլեան բանակը խախտելով 1974-ի համաձայնագիրը` խուժեց իր եւ Սուրիոյ սահմանը իրարմէ բաժնող «չէզոք գօտի»-ն եւ յառաջանալով 14 քիլոմեթր դէպի ներս` գրաւեց այդ հողաշերտը։ Հրեաներու պատճառաբանութիւնն այն է, թէ Ասատի անկումով` սուրիացի սահմանապահ զինուորները քաշուած են սահմանէն եւ ուստի` «Իսրայէլ պարտի ապահովել իր երկրին անվտանգութիւնը»։
Հայկական ճակատի վրայ` հաղորդուեցաւ որ զինեալ ապստամբ ուժերը մտած են նաեւ Քեսապ եւ ամբողջ աւանը առած են իրենց հսկողութեան տակ, առանց որեւէ դիմադրութեան, հեզասահ կերպով։ Յաջորդ օր, նոր իշխանութեան ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցած են Քեսապի հայ համայնքի հոգեւոր եւ աշխարհիկ պատասխանատուներուն հետ եւ երաշխիքներ տուած` թէ ամէն դիւրութիւն պիտի տրուի գիւղացիներուն եւ ապահովուին անոնց անհատական ու համայնքային իրաւունքները։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։