Search
Close this search box.

ՍՈՒՐԻԱ – Պատմական եւ բախտորոշ իրադարձութիւններ Սուրիոյ մէջ

 

Ապստամբները մտած են Դամասկոս ու յայտարարած, որ «բռնակալ Պաշար ալ-Ասատի իշխանութիւնը վերջ գտած է»

Ասատ փախած է երկրէն

Ո՛չ ոք կրնար երեւակայել, որ 61 տարիէ ի վեր երկաթեայ թաթով ու զինու զօրութեամբ իշխող վախազդու վարչակարգ մը այսքան դիւրին տապալի։ Հալէպ քաղաքի ազատագրումէն (Նոյեմբեր 29) ետք, անցնող տասը օրերը բաւարար եղան, որ մէկը միւսին ետեւէն ընդդիմութեան հակակշռին տակ անցնին երկրին հիւսիսէն հարաւ երկարող բոլո՜ր քաղաքները, աւաններն   ու գիւղերը։ Հերթաբար ինկան Համան, Հոմսը, Դամասկոսը, իսկ հարաւային Սուէյտա եւ Տարաա նահանգները նոյնիսկ չսպասեցին հիւսիսէն յառաջացող ապստամբներու գալուստին, այլ իրենց ներքին ուժերով` զոյգ նահանգները կամրջեցին ազատագրեալ միւս շրջաններուն։ Այս բոլորին մէջ, ապստամբները իրենց կողքին ունեցան ժողովրդային շատ լայն զանգուածներ, բնակչութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը։

Շաբաթ երեկոյեան ժամերուն արտասովոր խուճապ մը նկատուեցաւ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ։ Զինուորական եւ ապահովական բոլոր կեդրոններէն (որոնցմով այնքան լեցուն է այս քաղաքը) հաւաքաբար սկսան հեռանալ զինուորները։ Ապստամբները յաջողեցան մտնել նաեւ Սէյտնայայի տխրահռչակ բանտը ու փշրելով երկաթեայ դռները` ազատ արձակեցին մեծաթիւ քաղաքական բանտարկեալներ…։ Յայտնի էր որ «բան մը պիտի պատահի»։  Իրիկունը 4 օդանաւեր թռիչք առին Դամասկոսի  միջազգային օդակայանէն` անծանօթ ուղղութեամբ։ Այնուհետեւ օդակայանը փակուեցաւ եւ տեղւոյն ապահովական ուժերը եւս ցրուեցան…։ Շատերու կարծիքով` Ասատ եւ իր անմիջական մերձաւորները երկրէն փախան ա՛յդ օդանաւերով, իրենց հետ տանելով աստղաբաշխական գումարներ…։ Մինչ այդ, Սուրիոյ Պաշտպանութեան եւ Ներքին նախարարները յայտարարութիւններ կատարելով` կը ջանային համոզել ժողովուրդը, թէ ամէն ինչ կարգին է, բանակը իր դիրքերուն վրայ է, թէ մտահոգիչ ոչինչ կայ…։ Սի՜ն խօսքեր…։

Կիրակի առտու ամէն ինչ պարզուեցաւ։ Տապալած էր Ասատի միակուսակցական ու միապետական երկարամեայ իշխանութիւնը։ Սուրիական պետական հեռատեսիլը պահ մը դադրեցուց իր սփռումները, ապա յայտարարութիւն մը երեւցաւ պաստառին վրայ, որ կ՚ըսէր. «Սուրիական յեղափոխութիւնը յաղթանակեց, ինկաւ Ասատի ոճրային վարչակարգը»։ 

Խելքի պտոյտ պատճառող այս դէպքերուն մէջ կարեւոր իրադարձութիւն մը կը վերաբերէր վարչապետ Ղազի Ալ-Ճալիլիի։ Ան գիշերը յայտնեց թէ համաձայնութեան մը յանգած է ապստամբ ուժերու ղեկավար Կոլանիի հետ` իշխանութեան հեզասահ ու անարիւն փոխանցում մը կատարելու համար։ Ուրեմն, պետական հաստատութիւնները եւ կառոյցները պիտի գործէին անխափան, պետականութիւնը պիտի չտուժէր, ինչ որ շատ էական արժէք կը ներկայացնէր Սուրիոյ ապագային համար։

Կիրակի կէսօր ամբողջ երկրին մէկ ծայրէն միւսը կը տիրէր ցնծութեան աննախընթաց մթնոլորտ մը։ Հալէպի մէջ ալ նոյնն էր։ Մայր հրապարակը հաւաքուած տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներ, դրօշակներ ի ձեռքին, կը պարէին ու կ՚երգէին, երկար տարիներու լուծ մը թօթափած ըլլալու ուրախութիւնը կ՚ապրէին։

***

Դեկտեմբեր 8-ին Սուրիոյ նոր իշխանութիւնները ընդհանուր ներում յայտարարած էին։

***

Կ՚արժէ յիշել, որ Սուրիոյ իշխանափոխութիւնը գրեթէ նոյնքան մեծ ցնծութեամբ ալ նշուած է Թուրքիոյ մէջ, ուր միլիոնաւոր սուրիացի ապաստանեալներ կան։ Յատկապէս Պոլսոյ, բայց նաեւ բազմաթիւ այլ քաղաքներու մէջ ուր սուրիացիներու համայնքներ գոյացած են Սուրիոյ քաղաքացիական նախորդ՝ աւելի քան տասնամեայ պատերազմի օրերէն, Ասատի վարչակարգի անկումը նշուած է անսահման խանդավառութեամբ։  

 

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութիւնը

Դեկտեմբեր 8-ին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդած է, թէ ներկայիս Դամասկոսի՝ Հայաստանի դեսպանութեան դիւանագիտական անձնակազմը իր աշխատանքները կը շարունակէ Պէյրութէն։

«Սուրիոյ մէջ ստեղծուած կացութեան հետեւանքով եւ ապահովութեան նկատառումներով Դամասկոսի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան անձնակազմը իր աշխատանքները առժամաբար կը շարունակէ Պէյրութի մէջ»,– նշուած է Նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ: