Սուրիական անցումային կառավարութիւնը յայտարարած է, որ Կիրակի, Դեկտեմեր 15-ին Սուրիոյ դպրոցներէն եւ համալսարաններէն ներս ուսումնական ընթացքը կը վերսկսի։
Կառավարութիւնը յայտնած է, որ կրթական հաստատութիւնները պատրաստ են ուսումնական ընթացքը կազմակերպուած եւ հեզասահ ձեւով շարունակելու։
Նշենք, որ հայկական վարժարանները պիտի վերսկսին իրենց ընթացքը Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 16-ին։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։