Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Դեկտեմբեր 16-ին, Սուրիոյ մէջ (Դամասկոս) Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը վերսկսած է իր աշխատանքները։
«Դեսպանութեան հիւպատոսական բաժինը կ՚աշխատի բնականոն։ Նոյն օրը արդէն կազմակերպուած է Հայաստանի քաղաքացիներու ընդունելութիւն։
Կը նախատեսուի վերսկսիլ նաեւ Հալէպի հիւպատոսութեան աշխատանքները»,– նշուած է Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։