Հաղորդած էինք, թէ Սպանիոյ մէջ լոյս տեսած է Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ առաջին փաստագրական գիրքը՝ «El Genocidio Armenio»։ Սպաներէնով հրատարակուած հատորին հեղինակը՝ Մատրիտի Սան Փապլօ համալսարանի արդի համաշխարհային պատմութեան դասախօս, իրաւաբան Ռիքարտօ Ռուիս տէ լա Սերնա, տարիներէ ի վեր կ՚ուսումնասիրէ 1915-ի Օսմանեան կայսրութեան երիտթրքական կառավարութեան կողմէ իրագործուած մեծ եղեռնագործութիւնը եւ կը պայքարի Սպանիոյ մէջ համապետական մակարդակով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար:
Սոյն հրատարակութեան առիթով «Արմէնփրէս» ծաւալուն հարցազրոյց մը ունեցած է հեղինակին հետ։ Ստորեւ կու տանք լայն հատուածներ.-
Հեղինակը կ՚ըսէ, թէ գիրքը գրած է յանուն արդարութեան՝ նպատակ ունենալով աւելի ճանաչելի դարձնել Հայոց ցեղասպանութիւնը Սպանիոյ հասարակութեան, եւ իր հայրենակիցներուն պատմել աշխարհի աչքին առջև տեղի ունեցած մեծ ոճրագործութեան, անոր անպատիժ մնալու երեւոյթին, նաեւ՝ Եղեռնի օրերուն՝ Հայերու հերոսական դիմադրութեան ու զանոնք փրկած օտարներու մարդասիրութեան մասին:
Ռիքարտօ Ռուիս տէ լա Սերնա հայկական արմատներ չունի: Կ՚ըսէ՝ Հայերու հետ իր միակ առնչութիւնն այն է, որ իր հայրը շատ կը սիրէ հայկական երաժշտութիւն: Այդ պատճառով ինքն ալ մանկութենէն հետաքրքրուած է հայկական մշակոյթով: 2012-ին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ այցելելէ ետք, ան որոշած է կեդրոնանալ Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան վրայ, եւ անկէ 10 տարի յետոյ վերջապէս հրատարակած է իր գիրքը:
Ըստ հեղինակին՝ հատորին մէջ շարադրուած է Հայոց ցեղասպանութեան համառօտ պատմութիւնը, մասնաւորապէս՝ 1894-96 թթ. համիտեան ջարդերը, 1909-ի Ատանայի կոտորածը, Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայերու ենթարկուած քաղաքական բռնաճնշումներու գաղափարական արմատները, ցեղասպանութեան նախապատրաստումը (իրաւական հիմքեր, ռազմական եւ կիսառազմական ստորաբաժանումներու ձեւաւորում եւ այլն) եւ Ցեղասպանութեան տարբեր փուլերը՝ զանգուածային ձերբակալութիւններ, գոյքի առգրաւում, տեղահանութիւններ, մահուան երթեր դէպի Սուրիոյ եւ Իրաքի անապատներ, եւ ի վերջոյ՝ կոտորած:
Ան չէ մոռցած յիշատակելու նաեւ 1915-ի ինքնապաշտպանական հերոսամարտերու ժամանակ շատ մը բնակավայրերու մէջ Հայերու հերոսական դիմադրութիւնը:
“Երբեմն մարդիկ կը կարծեն, թէ Հայերը լուռ համակերպած են իրենց ճակատագրին, մսագործին առաջնորդուող գառնուկին պէս, բայց այդպէս չէ: Անոնք, ուր որ կրցած են կռուած ու դիմադրած են: Թերևս, ամէնէն նշանաւոր օրինակը 1915 Յուլիսին Մուսա լեռան դիմադրութիւնն է”,– կը մատնանշէ հեղինակը:
«Հայոց ցեղասպանութիւն»-ը գիրքին մէջ սպանացի ուսումնասիրողը գրած է նաեւ Հայերուն պատկանող գոյքի (տուներ, եկեղեցիներ, ձեռնարկութիւններ) նիւթական ոչնչացման եւ առգրաւման, ինչպէս նաեւ՝ այն անդադրում օրէնքներուն մասին, որոնք ատիկա կարելի դարձուցած են:
“Հայ ժողովուրդը ցեղասպանութեան ենթարկուած է ամբողջ աշխարհի աչքին առջև: Չմոռնանք, որ լրագրողները այդ մասին կը հաղորդէին զանազան վայրերէ՝ Կոստանդնուպոլսէն, Հալէպէն…: Հետագային ան ժխտուեցաւ և իրականութեան մէջ անպատիժ մնաց: Այս անպատժելիութիւնը 20-րդ դարու մեծագոյն անարդարութիւններէն է”,– կ՚ըսէ Ռիքարտօ Ռուիս տէ լա Սերնա:
Հեղինակին կարծիքով՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը նաեւ շատ արժէքաւոր դասեր կու տայ միջազգային յանձնառութիւններու, յիշողութեան կարեւորութեան, արդարութեան, կռուելու եւ դիմադրելու անհրաժեշտութեան մասին: Այս տեսանկիւնէն ան արժանին կը մատուցէ բոլոր անոնց, որոնք փորձեցին օգնել եւ որոշ պարագաներու՝ կրցան փրկել Հայեր:
Տէ լա Սերնայի համաձայն՝ Սպանիոյ մէջ «Հայոց ցեղասպանութիւն»-ը գիրքը շատեր ողջունած են: Հեղինակը կը յուսայ, թէ գիրքին հրատարակումը նաեւ պիտի նպաստէ երկրին մէջ հայագիտութեան մակարդակի բարձրացման եւ այլ երկիրներու գիտնականներու եւ հետազօտողներու հետ համագործակցութեան ձեւաւորման:
“Ես երկար ժամանակ է որ կը պայքարիմ Սպանիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար: Պիտի ուզէի, որ իմ հայրենակիցները նաեւ որոշ սպանական աղբիւրներէ լսէին ու կարդային ո՛չ միայն Ցեղասպանութեան պատմութիւնը, այլեւ հայերու հերոսականութեան, դիմադրութեան եւ մարդկութեան պատմութիւնները: Եւ անշուշտ, պիտի փափաքէի, որ իմացուին ոչ միայն ճանաչման անհրաժեշտութեան, այլեւ՝ այս սարսափելի ճակատագրին առերեսած Հայերու տառապանքներուն եւ արժանապատւութեան մասին”,– կ՚ըսէ հեղինակը:
“Ես վստահ եմ ու լաւատես՝ ճանաչման առումով: Թերեւս ատոր համար որոշ ժամանակ կը պահանջուի, բայց Հայերը շատ լաւ գիտեն համբերութեան, հետեւողականութեան եւ յոյսի արժէքը: Ես կը յիշեմ այն պատմութիւնը, թէ ինչպէս Հայերը Ցեղասպանութեան ժամանակ գիրքերը մասերու կը բաժնէին՝ զանոնք փրկելու համար: Այդ գիրքերը կը փրկէին ոչ թէ ներկայ, այլ գալիք սերունդներուն համար…: Ապագայի հանդէպ այդ վստահութիւնը յարգանքի արժանի է”:
Սպանիոյ Թագաւորութիւնը առայժմ չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը խորհրդարանի կամ կառավարութեան մակարդակով, բայց փոխարէնը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին բանաձեւեր ընդունած են սպանական բազմաթիւ քաղաքներու, շրջաններու կամ նահանգներու օրէնսդիր թէ գործադիր մարմինները: Այդ կարգին՝ Նավառան, Վալենսիան, Մալական, Սան Սեպասթիանը, Քաթալոնիան, Պասքերու երկիրը եւ այլն:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։