Search
Close this search box.

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ. Եզնիկ Մոզեան արհեստագործական ուսումնարանին մէջ «Բաց դռներու օր»  կազմակերպուած է

Յունիս 11-ին, Եզնիկ Մոզեան արհեստագործական ուսումնարանին մէջ ծնողներու եւ այցելուներու համար «Բաց դռներու օր» կազմակերպուած է:

«Արցախփրէս» կը հաղորդէ, թէ օրուան ընթացքին հիւրերը առիթ ունեցած են ծանօթանալու մինչեւ 44-օրեայ պատերազմը Շուշիի մէջ գործած, իսկ այժմ Ստեփանակերտ հաստատուած  արհեստագործական ուսումնարանի նոր շէնքին պայմաններուն, մասնագիտութիւններուն, առաջարկուող կրթական ծրագրերու առանձնայատկութիւններուն ու առաւելութիւններուն, ինչպէս նաեւ տարուած մասնագիտական աշխատանքներուն:  Ծրագրի շրջանակին մէջ ներկաները  շրջած են ուսումնարանի վարչական եւ ուսումնաարտադրական բաժինները:

Տնօրէնուհի Նարինէ Իշխանեան տեղեկացուցած է, թէ՝ ուսումնարանը ունի 110 աշկերտ:

“Ուսումնարանի ընդունելութեան ցուցանիշերը պատերազմից յետոյ նուազել են, բայց վերջին  երկու տարիների ընթացքում աշկերտների թիւը չի փոխուել՝ 45 աշկերտ աւարտել են, նոյնքան էլ՝ ընդունուել: Մասնագիտական աշխատանքներն իրականացւում  են տեղւոյն վրայ: Շէնքի վերանորոգման համար անելիքներ շատ կան”,– յայտնած է Իշխանեան։

Եզնիկ Մոզեան արհեստագործական ուսումնարանի ընդունելութիւնները  կը սկսին  Յուլիս 1-էն: